2011-09-07 13:11:13

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը՝ Ուղղուած Թուրքիոյ Վարչապետ՝ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին։


Ի լուր թուրքիոյ կառավարութեան որոշումին՝ յորում կը նշուի թէ 1936-էն ասդին Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած կալուածները պիտի վերադարձուին... Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը նամակ մը յղած է Թուրքիոյ վարչապետին որուն մէջ վեհափառը յատկապէս կը նշէ թէ ՜՜Անկասկած յիշեալ որոշումը ճիգ մըն է ընդառաջելու վերջին շրջանին Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ճնշումներուն գծով Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կատարած քննարկումներուն ու հետապնդումներուն, վեհափառը կը շեշտէ, սակայն որպէս իր դարաւոր նստավայրէն արմատախիլ եղած եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան հոգեւոր եւ իրաւական պետը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչը դարձեա՛լ Թուրքիայէն աքսորուած եւ աշխարհի բոլոր կողմերը տարտղնուած հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն, 27 օգոստոս 2011-ին ձեր կառավարութեան տուած որոշումը Մենք կը նկատենք մասնակի ու անճիշդ. քանի որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բռնագրաւուած բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներուն. ու կը հաստատէ թէ՝ Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումը թերեւս կրնայ գոհացնել Եւրոպական Միութեան չափանիշները. սակայն, այդ որոշումը արդարութեան սկզբունքին վրայ առնուած քայլ մը երբեք չի կրնար նկատուիլ՝՝: Վեհափառը մէջբերելով Ազգերու լիկայի ներկայացուցիչ եւ խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիր Ֆրիտճոֆ Նենսընի 1928-ին գրութիւնը «Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելքը» հանրածանօթ գիրքին մէջ, թէ՝ «Հայ ժողովուրդը երբեք չէ յուսահատած. ան շարունակած է քաջօրէն աշխատիլ ու սպասել. ան տակաւին կը սպասէ…» (էջ 324) Վեհափառը կըսէ. ՜՜Իսկ Մենք կ՛ուզենք աւելցնել, թէ` հայ ժողովուրդը նաեւ երբեք պիտի չդադրի արդարութի՛ւն պահանջելէ Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութեան համար: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի պահանջելէ իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը՝՝ ։
՜՜Պրն. վարչապետ, կ՝եզրափակէ Արամ Ա.,արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց ցեղասպանութիւնը՝՝:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Երուսաղէմի Տաճարականներու Միաբանութեան Պատուիրակութեանը
Սեպտեմբերի 6-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Երուսաղէմի Տաճարականների միաբանութեան պատուիրակութեանը՝` գլխաւորութեամբ Երուսաղէմի տաճարականների յունական վաշտի գլխաւոր հրամանատար Պօղոս Չորակեանի։
Վեհափառ Հայրապետը, ողջունելով պատուիրակութեան այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուրախութիւն յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը սերտօրէն համագործակցում է Եկեղեցիների հետ եւ համատեղ առաքելութիւն իրականացնում՝` ի սէր եւ ի բարօրութիւն մարդկութեան։
Հանդիպման ընթացքում պրն Չորակեանը Նորին Սրբութեանը ներկայացրեց միաբանութեան գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը, որորի շրջանակներում մարդասիրական զանազան ծրագրեր են իրականացւում, ինչպէս նաեւ օգնութիւն ցուցաբերւում Երուսաղէմի չորս պատրիարքութիւններին։
Հանդիպմանը ներկայ էր Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւնների գրասենեակի տնօրէն Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանը։













All the contents on this site are copyrighted ©.