2011-09-07 13:08:51

«Հայաստանի Հանրապետութիւն / Սփիւռք Գործակցութիւն. Երէկ, Այսօր Եւ Վաղը» Նիւթով Գիտաժողով Պէյրութի Մէջ։


Երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերի ( 2011) երեկոյեան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովին պաշտօնական բացումը, որուն մասնակցեցան հայ կաթողիկէ համայնքէն՝ արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան, գերյ. Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ դոկտ. Արամ Սիմոնեանին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտարարեց, որ Հայկազեան համալսարանին մէջ հաստատուած է եւ 2011-2012 տարեշրջանին պիտի սկսի գործել Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոն, որուն հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի վրայ:












All the contents on this site are copyrighted ©.