2011-09-06 11:20:46

Վատիկանի Ձայնասփիւրի Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Հոգեւոր Միութիւն։


Մատրիտեան օրերու տօնախմբութիւններու գագաթնակէտը եղաւ անշուշտ Գուաթրօ Վէնթոսի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը ու սրբազան քահանայապետի հետ համապատարագը Քրիստոսի ներկայութեամբ։
Կ՛արժէ երկու կարեւոր իրողութիւններու մասին անդրադառնալ առիթ տալու երիտասարդներուն ու եկեղեցւոյ, խորհրդածելու՝ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ներկայ Յիսուս Քրիստոսի հետ կապի մասին։
Ամենէն առաջ երեկոյեան հսկումի աղօթքը։
2005-ի Գոլոնիայի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուընէ ի վեր, Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական հսկումը կեդրոնական տեղ գրաւեց, հարիւր հազարաւոր երիտասարդներուն, աղօթքի մէջ ամփոփումը ու այդ վայրկեաններուն տիրող լռութիւնը կ՛օգնէ որ համայն եկեղեցին վերագտնէ Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդութեան կարեւորութիւնը, որ շատեր չէին գնահատեր կամ ալ մոռցած էին։ Յիսուսի հետ մնալ լռութեան մէջ. միայն այսպէս կարելի կ՛ըլլայ ունկնդրել զինք ու իր հետը զրուցել ու նաեւ խորացնել ու սնուցել Անոր հետ հաղորդութիւնը։
Ապա Հոգեւոր Միութիւնը։ Հարցը որ շատ մը երիտասարդներ որոնք կազմակերպչական այլ պատճառներով չկարողացան ընդունիլ Սուրբ Հաղորդութիւնը, յիշել կու տայ Սրբազան Հօր վերջերս հրատարակած գիրը որուն մէջ Քահանայապետը կը զգուշացնէ սովորութիւն դարձած որոշ իրողութիւններէ, կարծէք արարողութիւններու մեր մասնակցութիւնը ինքնաբերաբար իրաւունք կու տայ կամ ալ պարտական կ՛ընէ մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին։ Նոյնիսկ եթէ կարելիութիւնը չունինք մօտենալու Սուրբ Հաղորդութեան, Սուրբ Պատարագի մասնակցութիւնը կը մնայ կարեւոր` իմաստալից ու պտղաբեր>>։ Այս պահերուն հարկ է մշակել Քրիստոսի հետ միութեան մէջ ապրելու իղձը, եւ հին ու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն ապրիլ <<հոգեւոր Միութիւն>>ը։
Պատարագի զոհին ընդմէջէն եկեղեցին կը յիշատակէ Յիսուսի, ապրող ու ներկայ, մահն ու յարութիւնը։ Սուրբ Հաղորդութեան կերպարանքի տակ զինք ընդունիլը մեզի տրուած ձրի շնորհք մըն է ու իրեն հետ միութեան մէջ ապրելու իղձը նաեւ հաղորդութեան ազդու աղբիւր մըն է։
Այս իրողութիւնը զօրակցութեան ու յոյսի նշան մըն է շատ մը պատճառներու բերումով, այն բոլոր անձերու համար, որ այսօր չեն կրնար ստանալ Սուրբ հաղորդութիւնը։ Ու դրական մեծ պատգամ մըն է մէկ միլիոն երիտասարդներուն համար որոնք Գութրօ Վէնթոսի մէջ ստիպողական մահացուցումի ենթարկուեցան չկարողանալով մօտենալ Սուրբ Սեղանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.