2011-09-06 12:00:40

Սովը՝Սոմալիայի Մէջ։ Մարդասիրական Ծանր Իրավիճակ։


Սոմալիայի մէջ յառաջիկայ չորս ամիսներու ընթացքին սովէն կրնան մահանալ 750 հազար հոգի , եթէ այդ երկրին մարդասիրական օգնութիւն չցուցաբերուի: Այս մասին արտայայտուած են ՄԱԿ–ի փորձագէտները: Ըստ անոնց` այս թիւը կրնայ աճիլ, քանի որ կը սպասուի իրավիճակի վատթարացում:
Ինչպէս որ կը յայտնէ “Պի.Պի.Սի.”ն, ներկայ պահուն երկրի մէջ գրանցուած է “սովի 6 գօտիներ ”: ՄԱԿ–ի փորձագէտներու տուեալներով` սովէն մահացածներու գրեթէ հարիւրէն 50 տոկոսը, այսօրուան դրութեամբ, երեխաներ են:
Սոմալիայի մէջ ծանր մարդասիրական իրավիճակը առնչուած է, երկրի ընկերային ծառայութիւնները եւ կառավարութիւնը գրոհայիններու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու մէջ գործել չկարենալու հետ։ Միւս կողմէ յուլիսի սկիզբը Ափրիկէի արեւելեան հատուածի մէջ վերջին 60 տարիներու ընթացքին ամենամեծ երաշտը գրանցուեցաւ: ՄԱԿ–ի տուեալներով` Ափրիկեան Ծոցը շրջանի մէջ մթերային շտապ օգնութեան կարիք ունին մօտ 12 միլիոն անձեր , ինչպէս` 4,8 մլն Եթովպիայի, 3,7 մլն` Սոմալի, 2,9 մլն` Քէնիայի եւ 164 հազար հոգի` Ճիպութիի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.