2011-09-05 12:42:38

Փարիզի Կաթողիկէ Համալսարանի Նոր Ռեկդոր մը ունեցաւ Յանձին Հայր ֆիլիփ Պորտիէնի։


Հայր ֆիլիփ Պորտիէն մէկ սեպտեմբերին դարձաւ նոր ռեկդորը Փարիզի կաթողիկէ համալսարանի։ Ան կը յաջորդէ հայր Բիեռ Գահնէի, որ իր յառաջացած տարիքի բերումով իր հրաժարականը ներկայացուցած է, կը հաղորդագրէ ֆրանսական Լա Գրուա օրաթերթը, մատնանաշելով որ նոր ռեկդորի նշանակումը վաւերացուած է Ս. Աթոռի կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովէն։
Ան նախապէս տնօրէն եղած է նոյն համալսարանի աստուածաբանութեան մասնաճիւղի։
Յայտնենք որ Փարիզի Կաթողիկէ համալսարանը, միջազգային համալսարան է որ իր մէջ կը ներփակէ վեց մասնաճիւղեր, մասնագիտութեան վեց հաստատութիւններ եւ 11 գերագոյն դպրոցներ։ Ներկայիս ունի աւելի քան 10 հազար ուսանող, որոնցմէ 4.500 օտարներ են։
Նոյնպէս` Ս. Աթոռի մօտ Հռոմի ֆրանսայի դեսպանատունը, , ունեցաւ եկեղեցական նոր խորհրդատու` յանձին հայր Ժերոմ Անկոյի, Փարիզի թեմէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.