2011-09-05 12:54:38

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ժամանեց Լիբանան ։ Տիկին Յակոբեանի Տեսակցութիւնը՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին Հետ ։


Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ժամանեց Լիբանան` հովանաւորելու համար Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին եւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 55-ամեակին առիթով համալսարանին կազմակերպած «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովը:
Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով հովանաւորեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպած Աննա Շահնազարեանի ցուցահանդէսը, ապա հանդիպումներ ունեցաւ Միջին Արեւելքի հայ լրագրողներուն եւ լիբանանահայ գործարարներուն հետ:
Նախարար Յակոբեան (երէկ) Պիքֆայայի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Կիրակի, 4 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքը Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանն ու Սփիւռքի Նախարարի քարտուղար Արթուր Թումանեանը:

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Պատրիարքը իր խօսքին մէջ գնահատեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան տարած գործունէութիւնը` յատուկ կերպով դրուատելով Կարտինալ Աղաճանեանին տրամադրուելիք հատորին նախաձեռնութիւնը: Ապա ան շնորհաւորեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակը:
Նախարար Յակոբեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարքին` իր հիւրընկալութեան համար: Ան անդրադարձաւ նախարարութեան ծաւալած աշխատանքներուն, որոնց մէջ յատուկ տեղ ունին երիտասարդները, որոնք ապագան կը մարմնաւորեն: Նախարար Յակոբեան յիշեց այս տարուան ընթացքին ցարդ իրականացած ծրագիրներն ու ապագայի նախաձեռնութիւններուն մասին խօսեցաւ: Ան նկատել տուաւ, որ նախարարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ՝ երիտասարդները Հայաստան բերելու եւ հոն անոնց յատկացուած ծրագիրներ իրականացնելու հարցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.