2011-09-05 12:51:50

Միջ Թեմական Երիտասարդկաան Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ


Սեպտեմբեր 1-2-ին, Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-թեմական երիտասարդական հանդիպում՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով: Սոյն հանդիպումը կը հետապնդէր երկու նպատակ՝ ա) մօտէն տեղեակ դառնալ թեմերու մէջ մեր եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքներուն, երիտասարդութիւնը եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մէջ աւելիով ներառելու իմաստով, եւ բ) իմանալ թեմերու ակնկալութիւնները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն՝ երիտասարդութեան դերը աւելի աշխուժացնելու իմաստով:
Իր բացման պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ երիտասարդութեան առանցքային ներկայութեան ու գործօն դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Ապա Վեհափառ Հայրապըտը լայնօրէն խօսեցաւ մեր ազգի ու եկեղեցւոյ կեանքին մէջ երիտասարդութեան վերապահուած դերակատարութեան մասին, ընդգծելով երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն ունենալու, անոնց տագնապներուն ու սպասումներուն մօտէն հաղորդ դառնալու եւ մեր համայնքային կեանքէն ներս երիտասարդութեան լայն տեղ տալու անհրաժեշտութեան մասին:
Խորհրդակցական հանդիպումը եզրափակելով իր ժողովական աշխատանքները, կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-
1) Անհրաժեշտ է ամէն միջոցներով շեշտել ու յիշեցնել թէ երիտասարդութիւնը կոչուած է կարեւոր դերակատարութեան մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս:
2) Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ երիտասարդութեան դիմագրաւած հրատապ հարցերուն ու լուծման առաջնորդող ճամբաներ գտնել:
3) Երիտասարդական նման հանդիպումներ կազմակերպել թէ՜ թեմական եւ թէ միջ-թեմական մակարդակներու վրայ՝ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին:
5) Մնայուն կապ հաստատել թեմերու երիտասարդաց բաժանմունքներու ու միութիւններու եւ Կաթողիկոսարանի Երիստասարդական բաժանմունքին հետ՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու, խորհրդակցութիւններ ունենալու եւ իրարու ծրագիրներուն աջակցելու հեռանկարով:
6) Յատուկ կայք մը ստեղծել երիտասարդական հարցերով զբաղող, թէ՜ թեմերու եւ թէ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքէջերուն վրայ:
Թեմերէն եկած երիտասարդները ժողովական աշխատանքներուն առընթեր նաեւ առիթ ունեցան մօտէն հաղորդ դառնալու ընդանրապէս Կաթողիկոսարանի ու յատկապէս Դպրեվանքի կեանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.