2011-09-05 13:03:14

Իսրայէլի Մէջ Աւելի Քան 450 Հազար Իսրայէլացիներ Մասնակցեցան Երկրին Տարածքին Հերթական Բողոքի Ցոյցին։ Տագնապալի Կացութիւն Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի Միջեւ։


Իսրայէլի մէջ աւելի քան 450 հազար ցուցարարներ մասնակցեցան ընկերային արդարութիւն պահանջող շաբաթօրեայ հերթական բողոքի ցոյցին, որ Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյնն էր:
Գլխաւոր բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Թել Աւիւի Քիքար Համետինա շրջանին մէջ, ուր շուրջ 300 հազար ցուցարարներ մասնակցեցան երկու քիլոմեթր հեռու գտնուող Հապիմա հրապարակէն ընթացք առած քայլարշաւի մը:
Երուսաղէմի մէջ աննախադէպ երեւոյթով մը 50 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան Փարիզ հրապարակին եւ մերձակայ թաղամասերուն մէջ, ինչ որ այս ամառ տեղի ունեցած նախորդ ցոյցերու մասնակիցներուն թիւին կրկնապատիկն էր:
Հայֆայի մէջ բողոցի ցոյցերու մասնակիցներուն թիւն էր 40 հազար, Աֆուլայի մէջ` 12 հազար, Ռոշ Փինայի մէջ` 7 հազար, Քիրիաթ Շեմոնայի մէջ` 7 հազար, հարաւային Իսրայէլի Միցփէ Ռամոն եւ Արատ քաղաքներուն մէջ` հազար:

Իսկ այն ինչ կը հայի Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն,ըստ թրքական «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»Օրաթերթին Թուրք -Իսրայէլեան Ճգնաժամը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութիւնը կը մեծցնէ։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Անգարայի կողմէ Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասցնելու առնչութեամբ տուած որոշումը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութիւնը կը մեծցնէ:
«Թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու խզման պատճառով Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպական Միութեան շարք մը երկիրներուն մէջ Անգարային, մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին առնչութեամբ, շատ դժուար օրեր կը սպասեն: Դիւանագիտական աղբիւրները, ուշադրութիւն հրաւիրելով Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն վրայ, կը նշեն, որ հրէական լոպին առաւել եւս պիտի ընդլայնէ հակա-թրքական իր գործունէութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան որդեգրման հարցին մէջ պիտի աջակցի հայկական լոպիին»:
Արդարեւ Թուրքիա ամենացած մակարդակի իջեցուց Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւններըը։ Նախ եւ առաջ Իսրայէլի Դեսպանը ետ կը ղրկուի ապա ՝՝ ժամանակը հասաւ որ Իսրայէլ Փոխարժէք վճառէ ՝՝ ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Տավութօղլու։








All the contents on this site are copyrighted ©.