2011-09-05 13:08:18

Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը Այս Շաբաթ Դամասկոս Պիտի Երթայ։


Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտարարեց, որ այս շաբաթ պիտի իրականացնէ Սուրիա նախատեսուած իր այցելութիւնը։ ՝
Սուրիա իր կարգին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ համաձայն է Նեպիլ Արապիի այցելութեան, որ կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ տեղի ունենայ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շաբաթ օր քննադատեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները` յայտնելով, որ «անոնք բարի արդիւնք մը պիտի չունենան »: Ան նշեց, որ «միշտ ըսած ենք, որ միակողմանի պատժամիջոցները լաւ արդիւնքվ չեն տար՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.