2011-09-04 10:44:06

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրը Չիլէյի մէջ Պատահած Օդանաւային Արկածի Ի Լուր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր խոր ցաւը յայտնեց ի լուր Չիլէյի մէջ պատահած օդանաւային արկածի հետեւանքով մահացած 21 հոգիներուն։ Սրբազան Հայրը, Վատիկանի Պետական Քարտուղարի ստորագրութեամբ, հեռագիր մը ուղղեց Չիլէի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ Արքեպիսկոպոս Րիքքարտօ Էծծաթիի որուն մէջ իր մօտիկութիւնը յայտնեց 21 զոհերու ընտանեկան պարագաներուն որոնց ապահովցուց իր անձնական աղօթքը Տիրոջմէ հայցելով` սուգի մէջ ապրողներուն` <<հոգեկան խաղաղութիւն եւ քրիտոնեական յոյս>> ։








All the contents on this site are copyrighted ©.