2011-09-03 11:40:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Կաթողիկէ-Օրթոտոքս 12-րդ Միջքրիստոնէական Գիտաժողովի Մասնակցողներուն`


''Եկեղեցւոյ վկայութիւնը ժամանակակից աշխարհին ի խնդիր'' նիւթին մասին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է կաթողիկէ-օրթոտոքս 12-րդ միջքրիստոնէական գիտաժողովի մասնակցողներուն, որ տեղի ունեցաւ Յունաստանի Սալոնիքա կղզին 30 օգոստոսէն 2 սեպտեմբեր։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը յայտնէ իր լիակատար յարումը վերոյիշեալ հանդիպումին ''եկեղեցւոյ վկայութիւնը ժամանակակից աշխարհին ի խնդիր'' նիւթին մասին։
Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ, եկեղեցիներու միութեան ժողովին նախագահ՝ կարտինալ Քոխին ուղղուած եւ Վատիկան հրատարակուած՝ կը գրէ ''հակասական երեւոյթները, որուն ականատես ենք աշխարհականացած աշխարհի մէջ, մէկ կողմէն՝ անզգայնութիւն հանդէպ գերիվերութեան եւ միաժամանակ՝ բազմաթիւ նշաններու գոյութիւնը Աստուծոյ փնտռտուքի բազմաթիւ սիրտերու մէջ։ Այս ներկայութիւնը, կը մատնանշէ Սրբազան հայրը, կը դրսեւորուի բազմաթիւ եղանակներով։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ որ Սալոնիքայի հանդիպումին նիւթը ''եկեղեցւոյ վկայութիւնը ժամանակակից աշխարհին ի խնդիր'', զինք շատ կը յուզէ եւ մաս կը կազմէ իր աղօթքներուն եւ այդ ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ որ նոր խորհուրդ մը հիմնած է ''նոր աւետարանութիւնը'' նիւթին մասին։
Կաթողիկէ օրթոտոքս միջ-գիտաժողովը կազմակերպուած է ֆրանչիսքեան անտոնեան համալսարանի հոգեւորութեան մասնաճիւղէն եւ Թեսալոնիքայի օրթոտոքս աստուածաբանութեան համալսարանէն։










All the contents on this site are copyrighted ©.