2011-09-03 11:45:29

Նոր Հրատարակութիւն- Ս. Ներսէս Շնորհալիի Նամականին։


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Հոգեւոր ընթերցումներու շարքի 15-րդ հատորը՝` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի (ԺԲ դար), Հայ-բիւզանդական եկեղեցական բանակցութիւններ նամականին, որը գրաբարէն աշխարհաբարի թարգմանած է Սեդա Ստամբոլցեան։
Միջնադարեան այս նամականին բաղկացած է երկու մասերէ, եւ կը ներկայացնէ ԺԲ դարու այն ժամանակաշրջանը, որու ընթացքին գործած են հայոց Կաթողիկոսներ Գրիոգրիս Գ-ը, Ներսէս Շնորհալին եւ Գրիոգրիս Դ-ը։
Առաջին մասը, որու կազմողն ու նամակները նախաբանով ու ծանօթագրական պատմութիւններով ուղեկցողը Ներսէս Լամբրոնացին է, կը բովանդակէ Հայ եւ Բիւզանդական եկեղեցիներու միջեւ 1165-1178 թուականներուն,շրջանի մէջ ձեռնարկուած միութեան փորձին առընչուող վաւերագրեր. իսկ երկրորդ մասը կը ներկայացնէ բացառապէս Ս. Ներսէս Շնորհալիի նամակները՝` գրուած տարբեր անձերու ու այլեւայլ առիթներով։









All the contents on this site are copyrighted ©.