2011-09-03 11:40:49

Հռոմ։ Բանուորներու Ընկերային Իրաւունքները Ժողովրդավարութեան Ամբողջական Մասն Են. Կ՛ըսէ Կարտինալ Պերթոնէ։


Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ խօսք առնելով Իտալական Քրիստոնեայ Բանուորներու 44-րդ Վեհաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Գասթել Կանտոլֆոյի մէջ 1-4 սեպտեմբեր 2011, հաստատեց որ << Բանուորներու ընկերային իրաւունքները Ժողովրդավարութեան ամբողջական մասն են>> ու աւելցուց որ <<մարդու արժանապատութեան ու արդարութեան պահանջքի ձտգտումով պէտք է հետապնդուի ամէն անհատի գործ ապահովելու կէտնպատակը։>> Նշենք որ Իտալական Քրիստոնեայ Բանուորներու 44-րդ Վեհաժողովի մասնակիցները, կիրակի 4 սեպտեմբերին՝ առիթը պիտի ունենան հանդիպում ունենալու՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.