2011-09-03 11:47:04

Խրուաթիոյ Լուտպերկի Սուրբ Հաղորդութեան Հրաշքի 600-ամեակը


Կիրակի 4 սեպտեմբերին Խրուաթիոյ Վարադժին Թեմի Լուտպերկի սրբավայրին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Լուտպէրկի Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքի 600 ամեակի եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն կը նախագահէ Պենետիկտոս ԺԶ.ի յատուկ պատուիրակի հանգամանքով Կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքոն Ժողովուրդներու աւետարանութեան Քահանայապետական Ժողովի երբեմնի նախագահը։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին խրուաթիոյ եպիսկոպոսաց դասը, կղերը ու հաւատացեալներ։
Նշենք որ <<Լուտպէրկի Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքը>> տեղի ունեցած էր 1411-ին երբ պատարագի պաշտամունքի ընթացքին, քահանայ մը կը տարակուսի Գինիի եւ Հացին՝ Յիսուսի Արեան եւ Մարմնոյն փոխակերպումի խորհուրդի իրողութեան, եւ նոյն վայրկեանին իր ձեռքերու մէջ բռնած սկիհը կը լեցուի արիւնով։ Հրաշքին 600- ամեակի յոբելենական տօնախմբութիւնները սկիզբ առած էին 2010 սեպտեմբեր 5ին՝ ու վերջ կը գտնեն Կիրակի 4 սեպտեբեր 2011ին Սուրբ Զոհի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.