2011-09-02 13:39:11

Փաքիստանի Ծերակոյտը Առաջին Անգամուան Համար Իր Շարքերուն Կ'ունենայ Կրօնական Փոքրամասնութիւններու Չորս Ներկայացուցիչներ։


Փաքիստանի պատմութեան մէջ, առաջին անգամուան համար, ծերակոյտի մէջ վերապահուած են չորս աթոռներ ոչ մահմետական փոքրամասնութիւններուն։ Քրիստոնեաները կը պահանջեն աւելի ներկայացում, թէ ազգային ժողովի եւ թէ ծերակոյտի մէջ , ինչպէս նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւնները վնասող խտրողական օրէնքներու ջնջումը եւ մասնաւորապէս պղծախօսութեան դէմ օրէնքը, որպէսզի Փաքիստանի բոլոր քաղաքացիները վայելեն հաւասար օրէնք ու սատարեն ազգին բարգաւաճումին ու բարրօրութեան։ Նշենք թէ քրիստոնեաներու մեծամասնութիւնը կ'ապրի Փաքիստանի Բենժաբ մարզին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.