2011-09-02 13:31:48

Սեպտեմբերին Կանոնաւոր Կերպով Սկիզբ Կ'առնեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ունկնդրութիւնները։


Սեպտեմբեր մէկին, Սրբազան Քահանայապետը կանոնաւորապէս սկսաւ իր առանձնական ունկնդրութիւներու յայտագիրը, քահանայապետական ամարանոցին մէջ ընդունելով Չիլիի նոր առաքելական դեսպանը ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։
Հնդկաստանի եպիսկոպոսներէն ետք, նոյեմբեր 2011-էն մինչեւ 2012-ի մայիս , Նորին Սրբութիւնը, միշտ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին Հնգամեայ այցելութեան առթիւ, պիտի ընդունի ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսները։ Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆօ կը մնայ մինչեւ Սեպտեմբեր ամսոյն վերջը. նշենք նաեւ թէ՝ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, 7 սեպտեմբերէն սկեալ տեղի կ՛ունենան Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։
Այսօր, Ուրբաթ 2 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին՝ քահանայապետական ամարանոցին դահլիճի մէջ , Պենետիկտոս ԺԶ ունկնդրութիւն շնորհեց Հնդկաստանէն ժամանած՝ հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասէն 8 եպիսկոպոսներուն, հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Յառաջիկայ կիրակի՝ 4 Սեպտեմբերին, կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն յետոյ , Սրբազան Հայրը պիտի ողջունէ Իտալիոյ բանուորական շարժումներու քրիստոնեայ ընկերակցութիւններու 44-րդ հաւաքին ներկայացուցիչները, որոնք իրենց ժողովը կը գումարեն 1-4 սեպտեմբեր Մոնդի-Ալպանի շրջանը։ Ապա 11 սեպտեմբերին՝ նախատեսուած է Սրբազան Քահանայապետի Իտալիոյ Անգոնա քաղաքին այցելութիւնը ուր հանդիսաւոր պատարագով եզրափակումը կը կատարէ Իտալիոյ ամենասուրբ հաղորդութեան ազգային 25-րդ գիտաժողովին։ Հուսկ 22-25 սեպտեմբեր առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Դաշնակցային Գերմանիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.