2011-09-02 13:33:22

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձին Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Չէխ յայտագրի մասին։

Ռատիովատիկանի Չեխ յայտագրի սփռումները հեռարձակուեցան առաջին անգամ 22 ապրիլ 1947-ին ընդառաջելով այդ ժամանակուայ Եուկոսլավ Կառավարութեան եւ Բրակայի եպիսկոպոս Գերապայծառ Ժոզէֆ Պերանի խնդրանքին։

1949-էն ի վեր սկիզբ առին 15 վայրկեան տեւողութեամբ հաղորդումներու ամէնօրեայ օրինաւոր սփռումները։ 1948-ի փետրուարի Համայնավարական Բռնատիրութեան շրջանի սկիզբը Ռատիովատիկանի Չեխ յայտագրի հաղորդումները դարձան գրաքննութեան չենթարկուած միակ միջոցը։ 1989-էն ասդին Համայնավարական Բռնատիրութեան անկումէն ետք, Չեխ յայտագրի հաղորդումները եւս յեղաշրջումներու ենթարկուեցան։ Այդ շրջանին է որ վերաբացուեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ Չեխիոյ Հանրապետութեան Դեսպանատունը որուն հետ յայտագրի խմբագիրները դրական համագործակցութիւն ստեղծեցին։

Չեխ յայտագրի անձնակազմի միջոցաւ, չեխիոյ ընկերային հաղորդամիջոցները ըլլայ կառավարական կամ անձնական կարելիութիւն ունին սփռելու Չեխ լեզուով Սրբազան Քահանայապետի ճառերն ու լուրերը։ 1996-էն վեր Չեխ յայտագիրը կը համագործակցի Radio Proglas քրիտոնեայ Ռատիոկայանի հետ, որ ամէն օր երեկոյեան կը վերասփռէ Ռատիովատիկանի Չեխ յայտագրի հաղորդումները։ Ասոր կից նշենք նաեւ Չեխիոյ եպիկոպոսական համահաւաք դասի լրատուկան գրասենաեկի հետ սերտ համագործակցութիւնը։

2001-ը կարեւոր թուական մը հանդիսացաւ երբ Ռատիովատիկանի համացանցային կայքէջը ունեցաւ նաեւ Չեխ յայտագրի նուիրուած էջ մը։Համացանցի կայքէջը բոլոր կաթողիկէ լրատուամիջոցներուն համար դարձաւ անփոխարինելի ու միակ ապահով լուրերու աղբիւր մը, որովհետեւ շատ մը ոչ կաթողիկէ լրատուական միջոցներ միտում ունին յաճախ երկդիմի կերպով ներկայացնելու Սրբազան Քահանայապետի կամ Եկեղեցւոյ հայող իրողութիւնները։

Հաղորդումներու եւ յօդուածներու արժէքաւորութիւնը հաստատուած է այն իրողութենէն որ Ռատիօ Վատիկանի Չեխ յայտագրի կայքէջի հասցէն զետեղուած է Չեխիոյ Ազգային Գրադարանի Ցուցակին մէջ ու Ամբողջատիրական վարչակարգերը ուսումնասիրութեան ինստիտուտը առաջարկ ներկայացուցած է, իր ծախսերով հոգալ Ռատիօ Վատիկանի Չեխ յայտագրի 1947 - 1989 թուականներու արտադրած թղթային ծրարներէ անցնել Տիճիթալի դրութեան, մասնագէտներու տրամադրութեան տակ դնելու նպատակաւ թանկարժէք այս նիւթերը։






Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Աւստրիայի Ինսբրուկ քաղաքի առաջնորդին
Օգոստոսի 28-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, Գարգեին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ընդունեց Աւստրիայի Ինսբրուկ քաղաքի հոգեւոր առաջնորդ Մանֆրեդ եպիսկոպոս Շոյերի գլխաւորած ուխտաւորների խմբին։ Խմբի կազմում էին ուխտաւորներ Աւստրիայի տարբեր համայնքներից, ինչպէս նաեւ Ինսբրուկ քաղաքի Տիրոլեր Սոննթա եկեղեցական օրաթերթի ընթերցողների խումբը։
Յանուն ուխտաւորների Մանֆրեդ եպիսկոպոսն երախտաիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հայութեան հոգեւոր կենտրոն այցելութեան եւ ջերմ ընդունելութեան համար՝` ուրախութիւն յայտնելով հայկական հարուստ քրիստոնէական մշակոյթին եւ պատմութեանը ծանօթանալու հնարաւորութեան համար։
Այնուհետեւ ուխտաւորների խմբին իր օրհնութիւնը բերեց Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնն անդրադարձաւ Հայ Եկեղեցու եւ քրիստոնէական հաւատի կարեւոր դերակատարութեանը հայ ժողովրդի կեանքում։ Մեր հաւատքի զօրութեան շնորհիւ պատմութեան ընթացքում կարողացել ենք բազմաթիւ դժուարութիւններ ու խոչընդոտներ յաղթահարել։ Մենք ցեղասպանութիւնը վերապրեցինք, որովհետեւ Քրիստոսի յարութեան հաւատն ունեինք մեր մէջ։ Ցեղասպանութիւնից յետոյ էլ, երբ հաստատուեց անաստուածութեան աղափարախօսութիւնը, շնորհիւ մեր հաւատքի, մեր սրբազան հայրերի հանդէպ ունեցած նուիրումի, նաեւ այդ շրջանը կարողացանք յաղթահարել ու ապրել, - իր խօսքում նշեց Վեհափառ Հայրապետը՝` անդրադառնալով նաեւ ներկայիս հոգեւոր վերազարթօնքին եւ Եկեղեցու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներին։
Զրոյցի ընթացքում Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ուխտաւորներին ներկայացրեց վերջին տարիներին Հայ Եկեղեցու կեանքից ներս արձանագրուած ձեռքբերուները՝` ժողովրդի քրիստոնէական դաստիարակութեանն ուղղուած ծրարերը, նոր եկեղեցականների պատրաստութիւնը, զանազան սոցիալական ծրագրերը, հարիւրից աւելի պատմական վանքերի ու տաճարների վերանորգոումն ու նոր եկեղեցիների կառուցումը։











All the contents on this site are copyrighted ©.