2011-09-02 13:33:14

Հոլանտացի Երեսփոխաններ Կ՝արծարծեն Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը ։


Հոլանտայի թագաւորութեան խորհրդարանի կուսակցութեանց երեսփոխաններ, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հարցումներ յղած են երկրի արտաքին գործոց նախարար Ուրի Ռոզենթալին: Ըստ «Nouvelles d"Armenie»ին, այդ կուսակցութիւններն են՝ Քրիստոնէական Միութիւնը, Ընկերվարական Կուսակցութիւնը, Բարեկարգչական Կուսակցութիւնը եւ Յանուն Աազատութեան Կուսակցութիւնը: Խորհրդարանականներուն ուղղուած իր պատասխան նամակին մէջ, նախարար Ռոզենթալ անդրադարձած է «1915ի սարսափելի իրադարձութիւններուն», ինչպէս նաեւ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան վերսկսման անհրաժեշտութեան», առանց օգտագործելու «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Նկատի ունենալով, որ հոլանտացի քաղաքական գործիչները, ինչպէս նաեւ հոլանտական լրատուամիջոցները շարունակաբար չեն խուսափած օգտագործելէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը, որ նաեւ օգտագործուած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ ներկայիս փոխվարչապետ Մաքսիմ Վերհակենի կողմէ, խորհրդարանականներուն մօտ հարց յառաջացած է, թէ արդեօք նոր նախարարը տեղի տուա՞ծ է Թուրքիոյ ճնշումներուն: Նշուած կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները պահանջած են նախարարէն, որ բացատրէ, թէ ինչո՞ւ ան չ՛օգտագործեր «ցեղասպանութիւն» բառը, եւ անոր փոխարէն կ՛օգտագործէ «իրադարձութիւններ» բառը:
Կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները յիշեցուցած են, որ երկրի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որոշած է, թէ «Կառավարութիւնը Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու բանակցութեանց ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը օրակարգի վրայ պէտք է դնէ»:
Անոնք նաեւ հարց տուած են, թէ արդեօք Ռոզենթալ կը փափաքի՞ քննել Լա Հէյի կից Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման հարցը:
Նախարար Ռոզենթալ գրած է, որ կառավարութիւնը համաձայն չէ Միջազգային քրէական դատարանին մօտակայքը նման յուշարձան մը կառուցելու գաղափարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.