2011-09-02 13:37:16

Կարտինալ Գոշի Գնահատումով Եկեղեցիներու Համամիութիւնը Կաթողիկէներու Համար Պարտականութիւն Մըն Է։


Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ զուիցերեացի կարտինալ Քոշի համար եկեղեցիներու համամիութիւնը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Դաշնակցային Գերմանիոյ առաքելական այցելութեան, (22-25 սեպտեմբեր) գլխաւոր նիւթերէն մէկը պիտի հանդիսանայ։ ՜՜Համամիութիւնը կաթողիկէներու համար պարտականութիւն է՝՝ ըսաւ կարտինալ Գոշ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով։ Կարտինալը իր միջամտութեան մէջ յիշեցուց թէ Գերմանիա այն երկիրն է ուր ծնունդ առաւ Լուտերը եւ որուն բնակչութիւնը հաւասարապէս կաթողիկէ եւ բողոքական են։ Բացի ասկէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որպէս աստուածաբան, մեծապէս սատարած է համամիութեան երկխօսութեան Գերմանիա թէ այլուր։








All the contents on this site are copyrighted ©.