2011-09-02 13:33:41

Այսօր՝ Սեպտեմբեր 2, Հայ Ժողովուրդը կը Տօնէ Քսանամեակը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակումին։


ԼՂՀի անկախութեան հռչակման 20րդ տարեդարձին առիթով՝ Ստեփանակերտի մէջ այսօր կը կայանան շարք մը տօնակատարութիւններ։Նախորդ տարիներու աւանդութեամբ՝ հանրապետութեան միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առաջին դասը կը նուիրուի Անկախութեան հռչակման, որ կը ներկայացուի՝ ԼՂՀի պատգամաւորներու եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Այսօր Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ տեղի կ՝ունենայ զինուորական քայլերթ:
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ՝ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր կ՝այցելեն երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու քաղաքացիները:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երկօրեայ այցով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կը գտնուի, մասնակցելու համար ԼՂՀ հռչակման 20ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն: Կաթողիկոսին ուղեկցողներու շարքին են՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեան, ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբղ. Ծատուրեան:
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին առիթով «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» թերթին տրուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի շարունակէ պայքարիլ միջազգային ճանաչման համար անկախ նախադէպերէն, քանի որ անոր համար կան բացարձակապէս բոլոր հիմքերը` պատմական, իրաւական, քաղաքական եւ բարոյական:

Իսկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը յայտարարեց, որ 30 Օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանը, նախագահ Բակօ Սահակեանի առաջարկով համաներումի որոշում ընդունած է Անկախութեան 20-ամեակին առիթով: «Պիտի կրճատուին նաեւ որոշակի քրէական կամ դատական գործեր կամ գերակայ նիւթեր. անոնք հիմնականին մէջ կը կազմեն առկայ քրէական կամ դատական գործերու 60-80 առ հարիւրը», յայտարարեց Լազարեան:

Ըստ այս որոշումին, համաներումը պիտի տարածուի մինչեւ երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուած անձերու վրայ, մինչեւ հինգ տարուան ժամկէտով բանտարկութեան դատապարտուած առաջին կամ երկրորդ կարգի հաշմանդամներու, 18 տարին չամբողջացուցած` յանցագործութիւն կատարած անձերու, 60 տարին լրացուցած անձերու, ղարաբաղեան պատերազմի մասնակիցներու եւ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ զոհուածներու հարազատներուն ու այն մարդոց վրայ, որոնց նկատմամբ նշանակուած պատիժը պայմանականօրէն չէ կիրարկուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.