2011-09-01 11:57:45

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Իտալական Քրիստոնեայ Բանուորներու Կազմակերպութեան 44-րդ Նիստը:
<< Անկարգ աշխատանք. Դէպի օրէնսդրութեան, զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան նոր քաղաքակրթութիւն>>
1 - 4 Սեպտեմբեր 2011, ԱԳԼԻ իտալական Քրիստոնեայ բանուորներու կազմակերպութիւնը, Գասթել Կանտոլֆոյի մէջ կը գումարէ իր տարեկան 44-րդ նիստը որուն խորագիրն է << Անկարգ աշխատանք. Դէպի օրէնսդրութեան, զօրակցութեան եւ բաժնեկցութեան նոր քաղաքակրթութիւն>> ։
ՅՊԲ.ի՝ 1981-ին հրատարակած՝ Laborem Exercens շրջաբերական թուղթի հրատարակութեան 30 ամեակի առթիւ, ժողովականները կ՛ուզեն քննարկել վերջին տարիներու խոր յեղարջումները որ արմատական կերպով փոխեցին աշխատանքի իքնութիւնը։ Նիստի բացումը կը կատարէ ԱԳԼԻ իտալական Քրիստոնեայ բանուորներու կազմակերպութեան ազգային նախագահը՝ Անտրէա Օլիվիէրօ, ապա զեկոյց կ՛ունենայ Իտալական Գարիթասի Պատասխանատուն Գերապայծառ ճուզեբբէ Մէրիզին։ Ուրբաթ 2 սեպտեմբերին նախատեսուած է Սուրբ աթոռի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Պերթոնէի միջամտութիւնը։ Ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ ի մէջ այլոց Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը Մարիօ արքեպիսկոպոս Թոզոն։









All the contents on this site are copyrighted ©.