2011-09-01 11:53:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը, Իրեն Ի Պատիւ Տրուած Համերգին Աւարտին։


Չորեքշաբթի 31 օգոստոսի՝ երեկոյեան ժամը 18ին, համերգ մը տրուեցաւ ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, ՜՜Գասթել Կանտոլֆօ՝՝ի քահանայապետական ամարանոցին մէջ, կարտինալ Տոմենիքօ Պարդոլուչիի կողմէ։
Համերգի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. Սիրեցեալ բարեկամներ, մեզի առիթը ընծայուեցաւ լսելու եկեղեցական երաժշտութիւն մը, այդ երաժշտութիւնը հաւատքէն կը բխի եւ կարող է դրսեւորել ու հաղորդել հաւատքը։ Իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Մարքիճիանա նուագախումբին, Մայեսթրօ Պայոքիին, երգիչներուն ու նուագողներուն, նաեւ՝ կարտինալ Տոմենիքօ Պարդոլուչիին, ինչպէս բոլոր անոնց որոնք կարելի դարձուցին որ այս գեղեցիկ երեկոյթը տեղի ունենայ։ Ասիկա աղօթքի եւ մտածականի բարեպատեհ առիթ մը եղաւ բոլորիս համար։
Հարկաւորութիւնը չեմ զգար ներկայացնելու՝ կարտինալ Տոմենիքօ Պարդոլուչին, կ՝ուզեմ միայն մատնանշել իր կեանքի կարեւոր երեք երեւոյթները. հաւատքը, քահանայութիւնը եւ երաժշտութիւնը։ Հաւատքը այն լոյսը որ միշտ ուղղեց եւ առաջնորդեց կարտինալին կեանքը, անոր սիրտը բացաւ վեհանձնութեամբ համապատասխանելու Աստուծոյ կանչին։ Երաժշտութիւնը, ըսաւ Պենետիկտոս Խօսքը ուղղելով կարտինալին, ձեզի համար եղաւ բարբառ մը հաղորդելու Եկեղեցւոյ հաւատքը եւ օգնելու ձեր յօրինած երաժշտութիւնը ունկնդրող անհատներուն ճանչնալու քրիստոնէական հաւատքը։ Հետեւաբար երաժշտութեան միջոցաւ դուք կատարեցիք ձեր քահանայական առաքելութիւնը։ ''Քրիստոս զիս պարուրեց'' ձեր կեանքի այս բնաբանը կ'ամփոփէ ձեր կեանքը, ձեր առաքելութիւնը եւ ձեր երաժշտութիւնը։ Անգամ մը եւս իմ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ձեր անձին, նուագախումբին ու երգչախումբին եւ սիրով կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.