Հայաստանի 11 Քաղաքացիներ ՝ Թուրքիոյ Բանտերուն Մէջ ։
Թուրքիոյ բանտերուն մէջ՝ տարբեր յանցագործութիւններու համար՝ կը պահուին Հայաստանի Հանրապետութեան
11 քաղաքացիներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական “Անատոլու” լրատու գործակալութիւնը`
վկայակոչելով Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալները: Ըստ այդ տուեալներուն`
Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կը պահուին ընդհանուր առմամբ 105 երկիրներէ աւելի քան 2000 քաղաքացիներ:
Թրքական բանտերուն մէջ գտնուող քաղաքացիներու քանակով, առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն
Իրանը (462), Թիւրքմէնիստանը (268) եւ Վրաստանը (132): Բացի այդ, թրքական բանտերուն
մէջ կը պահուին նաեւ Գերմանիոյ 31, Ուզպեքիստանի 29, Հոլանտայի 25, Յունաստանի 23, Ռուսաստանի
20, Ուքրանիոյ 13 քաղաքացիներ։