2011-09-01 11:49:18

Կրօնաբարոյական Հարցեր


Սուրբ Երրորդութիւն – Աստուածաբաններու կարծիքը -
Աստուածաբանութիւնը կը մեկնի մարդէն` հասնելու համար Աստուծոյ։
Մարդը օժտուած է խելքով եւ կամքով. Արդ որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մարդը իր պատկերին եւ նմանութեան համաձայն – ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Գիրքը – Աստուած ալ օժտուած պէտք է ըլլայ իմացականութեամբ եւ կամքով, ամենակատարեալ ձեւով։
Հետեւելով ուրեմն Աստուծոյ գործընթացին` իր իմացականութեան ու կամքին ընդմէջէն` երեւան կու գան երեք իրարմէ զատ անձեր։
Ա. Աստուած` ունենալով կատարեալ խելք, ունի կատարեալ հասկացողութիւն ինք իր անձին. Արդ որովհետեւ ինքզինք կատարելապէս կը ճանչնայ, Աստուած ինքիր մէջ կը ծնանի աստուածային գաղափար մը, որ ունի աստուածային բնութեան բոլոր յատկանիշերը, ի մէջ այլոց յաւիտենականութիւնը եւ կատարելութիւնը։ Ուստի ինչ որ կը ծնանի Աստուծմէ չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ` Աստուած եւ այսպէսով` ծնունդ տուող Անձը կը կոչենք Հայր, իսկ ծնունդ առնող գաղափարը, որ կը վերածուի Խօսքի – Բանը –կը դառնայ նաեւ ուրիշ Անձ մը, զոր կոչենք Որդի։
Բ. Նմանապէս` Աստուծոյ կատարեալ կամքը կը յանգի կատարեալ սիրոյն ինք իրեն հանդէպ, այսինքն Հայրը Որդւոյն հանդէպ։ Այս սէրը որ կը բխի Հօրմէն եւ կ՛երթայ Որդւոյն, ինչպէս նաեւ կը բխի Որդիէն եւ կ՛երթայ դէպի Հայրը, կը կազմէ երրորդ անձ մը, որուն անունը Յիսուս ինք կու տայ Աւետարանին մէջ, զայն կոչելով Սուրբ Հոգին։
Այսպէսով կրնանք ըսել թէ աստուածային բնութիւնը կը պատշաճի այս երեք անձերուն, որոնք յաւիտենապէս կան եւ գերազանցօրէն կատարեալ են։ Աստուած չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ` մէկ. Այս միութեան մէջ սակայն, Յիսուսի բերած յայտնութենէն ետք` կը զանազանենք երեք անձեր. Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին։ Որոշ չափով կ՛ըմբըռնենք այս իրականութիւնը, երբ բացատրուի այս ձեւով, սակայն ան կը մնայ միշտ մեծ խորհուրդ մը մարդկային մտքին համար։
Սակայն ինչու՞ կամեցաւ Տէրը յայտնել մեզի այս մեծ խորհուրդը։
Ան մեր իմացականութեան դժուարութիւն մատուցանելու համար չէ որ յայտնեց այս խորհուրդը, այլ մղուած գերագոյն սէրէ մարդկութեան հանդէպ` ուզեց բոլոր մարդիկը մասնակից դարձնել աստուածային կեանքին եւ յաւիտենական ուրախութեան, երկնքի մէջ։
Յիսուս եկաւ մեզի յայտնելու Աստուծոյ գաղտնիքը, կամ աւելի ճիշտ` Աստուծոյ խորհուրդը։ Այո՛, ան մէկ է սակայն առանձին չէ։ Աստուած մըն որուն մէջ կը դառնայ հոսանք մը կեանքի, այնքան սաստիկ որ նոյն աստուածային բնութիւնը, մէկ եւ անբաժանելի, կը ծաղկի երեք տարբեր անձերու մէջ։ Աստուած մը, որ նախ քան իր սէրը ազատօրէն հոսեցնելու ստեղծագործութեան մէջ, կը գտնէ ինք իր մէջ, երեք անձերու փոխադարձ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն, յաւիտենական գործունէութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաւիտենական սիրոյ արտայայտութիւն մը։
Աստուածութեան ծոցին մէջ` յաւիտենական յարաբերութիւն մը տեղի կ՛ունենայ. Հայրը ինքզինք կու տայ եւ կը սիրէ. Որդին կը ստանայ եւ կը սիրէ. Իսկ Հոգին սիրոյ այն հոսանքն է որ որ կը ժայթքի Հօրմէն դէպի Որդին եւ Որդիէն դէպի Հայրը։ Այս հոսքը սիրոյ երբ յորթի դէպի դուրս, տեղի կ՛ունենայ ստեղծագործութիւնը. Ապա դարձեալ կը յորդի` փրկչագործութիւնն իրագործելու համար։
Երբ մարդը մկրտուի եւ դառնայ քրիստոնեայ, անոր վրան կը գծուի խաչի նշանը, եւ մկրտողը կ՛արտասանէ հետեւեալ ոսկեղէն խօսքերը. Ես կը մկրտեմ քեզ` յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.