2011-08-31 12:38:26

Սուրիոյ Գրիգորիս Երրորդ Լահհամ Պատրիարքին Պատգամը Ուղղուած Մահմետականներուն, Ռամատանի Ծոմապաhութեան Աւարտին


Ըլլալ աւելի լաւ ընկերութեան մը կարուցողներ ուր կ՝իշխէ խաղաղութեան, եղբայրութեան ու սիրոյ քաղաքակրթութիւնը, զանազան կրօնական համայնքներու միջեւ որ դարերէ ի վեր միատեղ ու միասնաբար կ՛ապրին։ Այսպէս գրած է Սուրիոյ Գրիգորիս Երրորդ Լահհամ Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարքը, Մահմետական հասարակութեան Ռամատանի ծոմապաhութեան աւարտին ուղղած իր պատգամին մէջ։ Պատրիարքը իր նամակին մէջ կը մատնանշէ նաեւ <<Արաբական Գարունի>> վերջին եղելութիւններն ու կոչ կ՛ուղղէ կառավարութիւններուն ըսելով որ <<իրաւունք չունինք այս անձերու ձայները անտեսելու։ Արաբական աշխարհը պէտք ունի մտային հոգեկան եւ ընկերային յեղափոխութեան։>> ու կ՛աւելցնէ թէ խաղաղ յեղափոխութիւն մը ըլլալու է։
Լահհամ Պատրիարքը ապա իր լաւատեսութիւնը կը յայտնէ ըսելով որ տակաւին ուշ չէ միասնբար աշխատելու եւ ծրագրելու աւելի լաւ աշխարհ մը, մեր ժողովուրդներու համար, ուր ընկերային, կրօնական եւ ցեղային խտրութիւններ գոյութիւն չունենան եւ իրականացուին արդարութեան, հաւասարութեան, կրօնի եւ անհատի ազատութեան յոյսերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.