2011-08-31 12:31:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 31 օգոստոս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ։
Խօսքը ուղղելով զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորներուն, Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց թէ՝ ինչպէս այս վերջին շրջանին, շատ անգամներ անդրադաձած է Աստուծոյ ու աղօթքի համար ժամանակ նուիրելու անհրաժեշտութեան ու կարեւորութեան։ Ձեր այս ամառնային շրջապտոյտի ընթացքին առիթը կ՛ունենաք դիտելու արուեստական գեղեցիկ հարստութիւնները որոնցմէ շատերու մէջ կ՛արտայայտուի մեր հաւատքը ու Աստուծոյ հետ մեր կապը։ Այս ձեր այցելութիւնները չըլլան լոկ մշակութային հարստութիւն մը այլ դառնան նաեւ շնորհքի պահեր որ ձեզ օգնեն զօրացնելու ձեր կապը եւ ձեր յարաբերութիւնը Տիրոջ հետ ու ձեզ առաջնորդեն հիացումով դիտելու Աստուածային ճառագայթի գեղեցկութիւնը։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները ու մաղթեց որ սոյն հանդիպումը ամէն մեկուն մէջ ամրապնդէ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքը լոյսի, յոյսի ու խաղաղութեան աղբիւրը։

Հուսկ նորին Սրբութիւնը ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.