2011-08-31 12:49:21

ՀՀ Անկախութեան Տօնին Առթիւ Դպրոցներուն Պիտի Բաժնուին Տպագրուած Օրագիրներ.


Սեպտեմբեր 1-ին, Հայաստանի հանրապետութեան աշակերտները նոր ուսումնական տարին պիտի սկսին յատուկ՝ ՀՀ Անկախութեան 20-րդ տարեդարձին կապակցութեամբ տպագրուած օրագիրներով:
Ըստ ՀՀ Անկախութեան 20րդ տարեդարձի հանդիսութիւններու հանրային կապերու պատասխանատու Արեւիկ Բադալեանի, աշակերտները Անկախութեան տօնին ընդառաջ, իբրեւ նուէր պիտի ստանան պետական դրօշի գոյներով տպագրուած օրագիրներ, որոնց վրայ պատկերուած են ՀՀ Անկախութեան 20րդ տարեդարձի խորհրդանիշն ու կարգախօսը՝ «Հայաստանը դու ես»:
Օրագիրի էջերուն տպագրուած են Հայաստանի քայլերգը եւ տէրունական աղօթքը, տեղեկատուութիւն՝ Հայաստանի զինանշանին, պետական տօներուն, յիշատակի օրերուն եւ Հայաստանեաց Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ տօներուն մասին:
Օրագիրներու տպագրութեան ծախսերը հոգացած է «Մետեքսիմ» ընկերութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20րդ տարեդարձի տօնակարութիւններու գլխաւոր գործընկերներէն մէկն է: Տօնակատարութիւններու գլխաւոր այլ գործընկերներ են «Արարատ» քոնեաքի գործարանը, «Նեւա-Ռուս» ընկերութիւնը եւ «Քէոպրոմայնինկ» ընկերութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.