2011-08-31 12:58:05

Լուրեր Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութենէն


ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Կ՝այցելէ Աւանի Մխիթարեան Կրթահամալիր։
Սեպտեմբերի 1-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, այցելելով Աւանի Մխիթարեան կրթահամալիրը այնտեղ կը հանդիպի ժառանգաւորաց վարժարանի սաներուն հետ: Նախարարը նախ կ՝ընդունուի կրթահամալիրի տնօրէն՝ Մխիթարեան Միաբանութեան միաբան Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեանի կողմէ: Ժառանգաւորաց հետ հանդիպումին՝ Սփիւռքի նախարարը պիտի խօսի անոնց հետ, քաջալերելով զանոնք որ հաւատարիմ մնան ազգային արմատներուն, պահպանելու հայութիւնը, ու ազգային ու մշակութային արժէքները։ Նախարարը նաեւ պիտի պատասխանէ աշակերտներու հարցումներուն:

Հ Հ Ազգային ժողովի Նախագահը՝ Հովիկ Աբրահամեան, Կ՝ընդունի
«Արի Տուն» Ծրագրի Մասնակիցները։

Սեպտեմբերի 1-ին, «Արի տուն» ծրագրի 7-րդ եւ 8-րդ փուլի 80 մասնակից կայցելէ ՀՀ Ազգային ժողով, ուր զիրենք կընդունի ԱԺ նախագահ Հովիկ Աբրահամեանը:
Պուլկարիայէն, Աւստրիայէն, Սպանիայէն, Ուզպեքիստանէն, Ռուսիայէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Պելառուսիայէն, Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Չեխիայէն ժամանած հայ պատանիներն ու աղջիկները շրջայց կը կատարեն ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ, ծանօթանալու խորհրդարանի կառուցուածքին եւ աշխատանքներու:

Տեղի Կունենայ Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներու և Համայնքներու Ղեկավարներու Համահայկական Համաժողովի Կազմկոմիտէի Նիստը։

Սեպտեմբեր 1-ին, տեղի կունենայ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու և համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողովի կազմկոմիտէի նիստը, “Էրեբունի” պլազայի սրահին մէջ:
Պիտի Քննարկուին Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու և համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողովի ծրագրի նախագիծը եւ պիտի ընդունուի հռչակագիրը:
Նաեւ պիտի քննարկուի համաժողովի 4 թեմատիկ նիստերու ընթացքը, նիստավարներու հարցը եւ թեմատիկ նիստերու ընթացքին քննարկուելիք նիւթերու շրջանակը:









All the contents on this site are copyrighted ©.