2011-08-31 09:39:56

Գերապատիւ Հ Գէորգ Վրդ Ասատուրեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 25-ամեայ Յոբելեանը։


RealAudioMP3 Կիրակի 28 Օգոստոսին, (2011) Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Ս. Եղիա- Սուրբ Գրիգոր Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին նշուեցաւ երկար տարիներու սոյն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերապատիւ Հ. Գէորգ վրդ. Ասատուրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեակը, ներկայութեամբ՝ հայ կաթողիկէ քահանաներու ու կրօնաւորուհիներու, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ինչպէս նաեւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։
Յոբելեար վարդապետը՝ Հայր Գէորգ անվերապահ նուիրումով գործած ու ծառայած էր իր հօտին, յատկապէս Լիբանանի մէջ պատերազմի դժուար օրերուն։
Այս առթիւ՝ Հայր Գէորգ քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ ըսաւ.
Լսած էի մանկութեանս ատեն թէ՝ վարդապետը ընտրուած է Աստուծմէ ըլլալու իրատես՝ ոտքերը գետին, գլուխը դէպի վեր եւ սիրտը ուրիշներու սիրով լեցուն։
Իմ եպիսկոպոսիս ու ժողովրդապետիս բարի օրինակը մղեց զիս քահանայութեան ճամբան առնելու։
3 Հոկտեմբեր 1986-ը ինծի համար ամենէն գեղեցիկ ունշանակելի օր մըն եղաւ, քանի յետ երկար պատրաստութիւններու կարողացայ ունենալ Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը ձեռքերուս մէջ ամփոփելու պատիւը։
Հռոմի մէջ, Մայր Թէրէզային հետ յաճախակի հանդիպումներէս մէկուն ընթացքին, լսեցի իրմէ երբ կ՝ըսէր թէ՝ մենք պէտք ունինք վարդապետներու որպէսզի խոստովանանքի խորհուրդով մեր մեղքերը ներուին, ու կարենանք ճաշակել Յիսուսի մարմինն ու արիւնը։ Հաւատացեալը պէտք ունի Սուրբ Վարդապետներու։ Փիլիպպոսի խօսքը ուղղուած Յիսուսին ՜՜Ով Տէր ցոյց տուր ինծի Հայրը՝՝ մեծ ուղեցոյց մը եղաւ ինծի իմ քահանայութեանս 25 տարիներու ընթացքին։
Իմ առջեւս դրած էի հետեւեալ կէտերը. աղօթք, ջերմեռանդութիւն. գործ եւ հովուական կեանք (ըսաւ Հայր Գէորգ)։
Հռոմի Լատերանեան համալսարանին մէջ սորվեցայ թէ քահանան պէտք է զինուի ՝ աղօթքով, գործով եւ հովուական կեանքով . պէտք է ըլլալ ՜՜Մի Ոմն Քրիստոս՝՝ որ էտք է սրբանայ եւ սրբացնէ իրեն յանձնուած ժողովուրդը։
Միշտ քարոզներուս մէջ յիշած եմ Վատիկանեան Բ. ժողովի խօսքերէն մէկը, թէ ՜՜մենք կանչուած ենք սրբութեան՝՝։ Ես ալ Պենետիկտոս ԺԶ. քահանայապետին մտածումին կը միանամ, երբ կը զգամ որ Աստուած միշտ ներկայ է իմ մէջս եւ զիս ընտրեց 25 տարիներ առաջ քահանաներուն շարքին, քարոզելու՝ Աստուծոյ խօսքը, տարածելու՝ անոր սէրը եւ ապրելու՝ իր սրբութիւնը։
Լիբանանը (նաեւ պատերազմի օրերուն) ինծի համար եղաւ այն առաքելավայրը ուր փորձեցի բարի օրինակը ըլլալ հօտիս, ջանացի օգնել անոնց .եւ մխիթարութիւնները շատ էին եւ Աստուծոյ շնորհքը շօշափելի։
2007-ին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը զիս անուանեց ֆրանսա. երկու ժողովրդապետութիւններ յանձնուեցան ինծի. Փարիզ եւ Արնուվիլ. նոր աշխարհ, նոր փորձառութիւն եւ նոր մտայնութիւն. աղօթքի առընթեր փորձեցի Պէյրութի փորձառութիւնը ֆրանսահայերուն փոխանձել. սկիզբը դժուար էր սակայն ձեւով մը կրնամ ըսել յաջողեցայ եւ այժմ շնորհակալ եմ Աստուծոյ։
իր խօսքին աւարտին՝ գերապատիւ Հ. Գէորգ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ քահանայութեան այս պարգեւին համար. ներկաներուն՝ իրենց մասնակցութեան այս յոբելինական պատարագին, Յոբելեանի տօնակատարութիւնը պատրաստող յանձնախումբին ու բոլոր անոնց որոնք 25 տարիներու ընթացքին նեցուկ եղան իրեն մնալու ու շարունակելու իր առաքելութիւնը։
Ռատովատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Հայր Գէորգ վրդ. Ասատուրեանը մաղթելով որ շարունակէ նոյն խանդով գործել ի սպաս Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու իրեն յանձնուած հօտին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.