2011-08-29 12:41:29

ՔՈՒԷՅԹ-ի Մէջ Երեք Հրթիռներ Ինկած Են ։


Քուէյթեան արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան աղբիւր մը «Ալ-Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ անցեալ շաբաթավերջին Իրաքի հետ սահմանին մօտ գտնուող քուէյթեան հողամասերուն վրայ երեք հրթիռներ ինկած են: Աղբիւրը նշեց, որ անոնցմէ երկուքը ցամաքի վրայ ինկած են, իսկ երրորդը` Արաբական ծոցի ջուրերուն մէջ:
Աղբիւրը ընդգծեց, որ «Կրատ» տիպի հրթիռները ներկայիս կառուցուող Մուպարաք մեծ նաւահանգիստին դէմ ուղղուած չէին, եւ քուէյթեան կողմին մէջ վնասներ չեն արձանագրուած, իսկ հրթիռները միջ-իրաքեան բախումի մը ընթացքին արձակուած էին:








All the contents on this site are copyrighted ©.