2011-08-29 12:38:24

Պոնտոսի Այիա Սումելա Եւ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիներու Մէջ Պատարագները։


Անցեալ տարուան Օգոստոսին եւ Սեպտեմբերին, նախ Պոնտոսի պատմական Այիա Սումելա եկեղեցւոյ, ապա Վանայ լճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արտօնելով Պատարագներու մատուցումը՝ Թուրքիոյ պետութիւնը փորձեց նոր դիմագիծով ներկայանալ միջազգային հանրութեան։
Փաստօրէն տեղի տալով հետզհետէ խստացող արտաքին ճնշումներուն, թրքական պետութիւնը փորձեց հաւաստիացնել բոլորին, թէ ինք պատրաստ է յարգելու իր երկրէն ներս ապրող փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:
Արդէն յայտարարուած է թուականը Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ արտօնուած Պատարագին, որ այս անգամ պիտի մատուցուի պատմական եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ զետեղուած երկաթեայ ծանր խաչի շուքին տակ:
Իսկ յոյն պոնտոսցիները ուրախութեամբ կը նշեն, որ դար մը ամբողջ անգործածելի մնալէ ետք, Այիա Սումելայի մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով Պատարագ մատուցուած է այս տարի եւս, Օգոստոս 15ին, հակառակ Տրապիզոնի նահանգապետին կողմէ տրուած Պատարագին մատուցումը Սեպտեմբերին արտօնելու որոշումին։
Անցեալ տարի յունական մամուլը մեծատառ վերնագրերով ողջունած էր թրքական արտօնութեամբ Ս. Պատարագի մատուցումը, որ միջազգային ուշադրութեան կեդրոնը բերած էր Սումելայի յունական պատկանելիութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Խալքիի Աստուածաբանական եկեղեցւոյ հարցը:
Չմոռնա՛նք, որ երկար տարիներու պայքարներու արդիւնք են այս կէս-բերան արտօնութիւնները, որոնք պէտք չէ խանգարուին ներքին խռովութեանց պատրուակով։







All the contents on this site are copyrighted ©.