2011-08-29 12:38:18

Պաղտատ Ամերիկեան Ուժերու Իրաքի Մէջ Մնալը Կ՝ուզէ։


Իրաքի կառավարութիւնը մտադիր է ամերիկեան ուժերու Իրաքի մէջ ներկայութիւնը երկարաձգելու խնդրանքով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն դիմել:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Իրաքի դեսպան Սամիր Սումայտայի «Քէյպըլ» քաղաքական պլոկին տուած իր հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ «իրաքեան ոստիկանութեան եւ բանակի կրթութեան նպատակով` Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը պահպանելու հարցին մէջ զգալի չափով համաձայնութիւն գոյացած է»:
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կը նախատեսէ մինչեւ այս տարուան վերջը աւարտել Իրաքէն ուժերու հեռացումը, սակայն, միեւնոյն ժամանակ կը նշուէր, որ ուժերու մէկ մասը կրնայ շարունակել իր առաքելութիւնը, եթէ Իրաքի կառավարութիւնը փափաք յայտնէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.