Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքոն՝ նշանակեց իր յատուկ
նուիրակը գլախաւորելու Խրուաթիոյ Լուտպրեկի Ամենասուրբ Հաղորդութեան Հրաշքի 6-րդ դարադարձի
եզրափակիչ Յոբելեանի Տօնակատարութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան 4 սեպտեմբեր 2011-ին
Լուտպրեկի Սրբավայրին մէջ։ Ապա,Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը կարտինալ Ճիովաննի
Պաթիսդա Ռէ-ն նշանակեց նոյնպէս իր յատուկ նուիրակը գլախաւորելու՝ Իտալիոյ Ամենասուրբ
Հաղորդութեան Գիտաժողովը որ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Անգոնա քաղաքը 3-11 սեպտեմբեր
2011-ին։ Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Ռենադօ Մարթինօ-ն որպէս
իր յատուկ նուիրակը գլախաւորելու՝ Իտալիոյ Գավա քաղաքի Ամենասուրբ Երրորդութեան Աբբայարանի
Հազարամեակի հանդիսուիթիւնները որոնք տեղի պիտի ունենան 4 սեպտեմբեր 2011ին։