2011-08-28 09:53:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ի Լուր Կարտինալ Ալոզիուս Ամբրովիչի Մահուան։


Ոչ եւս է կարտինալ Ալոզիուս Ամբրովիչ՝ վաստակաւոր առաջնորդը Թորոնթօ թեմին։
Գանատայի Թորոնթօ թեմի երբեմնի առաջնորդը կարտինալ Ալոզիուս Ամբրովիչ իր մահկանացուն կնքեց 26 օգոստոսին, Թորոնթոյի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Միքայէլ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Հանգուցեալ կարտինալը ծնած էր 27 յունուար 1930-ին Լուպիանայի մէջ- Սլովենիա։ 1945-ին ընտանիքով ապաստանած էր նախ Աւստրալիա ապա Գանատա՝ Թորոնթօ քաղաքին մէջ հաստատուած, ուր իր իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները կատարած էր, օգոստինեան վանքին մէջ եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 4 յունիս 1955-ին ապա 26 մարտ 1976-ին եպիսկոպոս օծուեցաւ որպէս օգնական եպիսկոպոս Թորոնթօ թեմին եւ 1990-ին կը յաջորդէ կարտինալ Գարթիէյին։ Եղած է անդամ աստուածաբանութեան յանձնախումբի։ Ան հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու եւ յօդուածներու։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 21 փետրուար 1998-ին զինք կարտինալ կը նշանակէ։ 16 դեկտեմբեր 2006-ին իր հրաժարականը ներկայացուցած է յառաջացած տարիքին բերումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.