2011-08-28 13:13:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Կիրակի 28 Օգոստոսի Գործունէութիւնը
Սուրբ Պատարագ Ու Հրեշտակ Տեառն Մարմեան Աղօթք։


Կիրակի 28 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 8.30ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի Մարեմեան Կեդրոնի մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը ուր հինգշաբթի 25 օգոստոսէն ի վեր տեղի կ̓ ունենայ Ռացինկերի Սաներու (Ratzinger Schülerkreis) տարեկան հանդիպումը։ Նշենք որ տարեկան այս հանդիպումները սկիզբ առած են 1977-ին իսկ այս տարուայ հանդիպման խորհրդածութեան նիւթն եղաւ ՜՜նոր աւետարանութիւնը՝՝ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբերին նախատեսուած արեւմտեան եկեղեցական կարոյցներու նոր աւետարանութեան պատասխանատուներու հաւաքին ու նաեւ 2012 -ին Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսներու սիւնոտոսին որ պիտի շօշափէ <<Քրիստոնեական հաւատքը հաղորդող նոր աւետարանութիւն>> նիւթը։

Ժամը 12ին քահանայապետական ամարանոցի Առաքելական Պալատէն Սրբազան Պապը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարմեան աղօթքը, ամարանոցի հրապարակը համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մատթէոսի աւետարանէն քաղուած ընթերցումէն ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը յայտնէ իր երուսաղէմ երթալը` ծերերու, դպիրներու ու քահանայապետներու կողմէ չարչարուիլը` սպանութիւնը մահն ու հրաշագործ յարութիւնը։ Պետրոս առաքեալ մեկուսի տանելով Յիսուսը անոր կ՛ըսէ <<Աստուած չընէ, Տէր. որ նման բան մը պատահի քեզի>> ու Յիսուս անոր կը պատասխանէ <<հեռացիր, սատանայ, որովհետեւ գայթակղութիւն մըն ես ինծի։ Քու ըմբռնումդ Աստուածային չէ, այլ մարդկային։>> Այս պատմուածքէն հստակօրէն երեւան կու գայ որ Աստուծոյ հօր սիրոյ ծրագիրը չի համապատասխաներ մարդկային ըմբռնումներուն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց - այս հակասութիւնը գոյութիւն ունի նաեւ մեր արօրեային մէջ երբ մեր կեանքի ձգտումը ընկերային միջավայրի մէջ յաջողութիւններ արձանագրելն է` առողջ եւ տնտեսապէս հանգիստ ապրելակերպն է։ Աշխարհի տրամաբանութեամբ մտածելը կը նշանակէ մէկդի դնել Աստուած ու չընդունիլ Անոր սիրոյ ծրագիրը։ Ինչպէս ըրած էր իր աշակերտներուն հետ այսօր եւս Յիսուս մեզի կ՜ուղղէ հրաւէր մը ըսելով <<ով որ կ՛ուզէ ինծի հետեւիլ թող ուրանայ իր անձը իր խաչն առնէ եւ հետեւի ինծի։ Քրիստոնեան կը հետեւի Տիրոջ երբ սիրով կ՛ընդունի իրեն յանձնուած խաչը որ աշխարհի համար պարտութեան նշան կը թուի սակայն երուսաղէմի Սուրբ Չիրիլի խօսքերով Խաչը յաղթութեան նշան է։ Ան տգետները լուսաւորեց` մեղքի բանտարկութենէն ազատեց, ու համայն մարդկութեան փրկութիւն շնորհեց>>։
Սուրբ Աստուածածնայ եւ Սուրբ Օգոստինոսի` որուն յիշատակը կը տօնենք այսօր` յանձնենք մեր աղօթքները - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպեսզի մեզմէ ամեն մէկը խաչի ճանապարհով գիտնայ հետեւիլ Տիրոջ ու թոյլատրէ որ Ան բարեփոխէ մեր կեանքը իր Աստուածային շնորհքներով...>>
Հուսկ Սրբազան Հայրը հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք շնորհաւորական յատուկ խօսք մը ուղղեց Ալպանօ Թեմի առաջնորդ գերապայծառ Մարչէլլօ Սեմերարոյին, անոր քահանայութեան 40 ամեակի առթիւ, ու ապայ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկաները անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.