2011-08-28 09:53:41

ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ։


Աւազանի անունով Յակոբ Գարակէօզեան (մարտական անունով Զաւէնը) Տրապիզոնի ծնունդ էր։ Հոն ուսանած եւ մեծցած էր՝ դառնալով Տրապիզոնի դաշնակցական կազմակերպութեան յառաջապահ շունչն ու ոգին։
Ուսումնատենչ եւ կեանքի մէջ անձնական յաջողութեան հասնելու ամէն յարմարութեամբ օժտուած աշակերտ էր Զաւէն։ Բայց ինչպէս իր սերունդէն շատերը, անոր սիրտը անքակտելի թելերով կապուած էր Սասունին, ուր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի թաւալգլոր անկումին վերջ տալու, ազատութեան նոր դարագլուխ բանալու եւ գերագոյն զոհաբերութեամբ հայկական յեղափոխութեան անմար խարոյկը բոցավառելու օրհասական կռիւ սկսած էր։
Զաւէն յեղափոխականի իր մկրտութիւնը ստացաւ 1889ին, երբ աշակերտական ու պատանեկան իրենց հայրենասիրական խումբին հաւաքած խնայողութիւններով՝ Զաւէն եւ իր 2 ընկերները, , գաղտնաբար հեռացան Տրապիզոնէն‘ Կարին երթալու եւ հոնկէ ալ Սասուն անցնելու համար։ Լսած էին, որ Կարնոյ մէջ Դաշնակցութիւնը կամաւորներ կ՝արձանագրէ՝ զանոնք զինատար խումբերով Սասուն ուղարկելու համար, ուր կը պատրաստուէր ապստամբական ընդհանուր շարժում մը 1890ի գարնան։
Դպրոցը հազիւ աւարտած, Զաւէն նետուեցաւ յեղափոխական գործի մէջ՝ երիտասարդական խմբակներու կազմութեան, անոնց գաղափարական պատրաստութեան եւ մարտական վարժեցման նուիրուելով։ 1890ի Կարնոյ բողոքի ցոյցը եւ անոր հետեւած ոստիկանական հալածանքը յեղափոխական հայորդիներու դէմ, ապա՝ Պոլսոյ Գում Գափու թաղի մեծ ցոյցը իրենց խոր անդրադարձը ունեցան նաեւ Տրապիզոնի հայութեան վրայ։ Ազատախոհ ու հայրենասէր ուսուցիչներ եւ երիտասարդներ հսկողութեան տակ առնուեցան, ձերբակալուեցան կամ հեռացուեցան Տրապիզոնէն։ Զաւէն յաջողեցաւ, ընդյատակեայ գործելու իր ընդունակութեամբ, խուսափիլ կառավարական հետապնդումներէ։
Մինչ այդ Սուլթանան Համիտ Կարնոյ բռնատէր կարգած էր Բահրի փաշան, որ ամէն միջոցի կը դիմէր արեան մէջ խեղդելու համար հայոց ազատատենչութիւնը։
Պոլիսը 23ամեայ Զաւէնի առջեւ բացաւ կենդանի կռուի բուռն դաշտ մը։ Բաբգէն Սիւնիի եւ Եգիպտացիի (Արտաշէս Մ. Դեւեան) շունչին տակ, Զաւէն ոչ միայն ընտելացաւ ռումբերու պատրաստութեան եւ գործածութեան, այլեւ՝ գրական իր շնորհները ի գործ դրաւ, «Դրօշակ»ի էջերուն Երկրի յեղափոխական մթնոլորտին մասին թղթակցութիւններ լոյս ընծայելով։
Օսմանեան Դրամատան գրաւումէն եւ համիտեան կատաղի հակադարձութենէն ետք, Զաւէն լեցուեցաւ կոտորուած անմեղներու եւ նահատակուած Բաբգէն Սիւնիներու վրէժը լուծելու վճռականութեամբ։ Սուլթանի կառավարութեան դէմ անհաշտ կռիւը նահանջի բոլոր ճանապարհները փակած էր այլեւս։ Զաւէն տենդագին լծուած էր հակահարուածի պատրաստութեան, երբ 12 Օգոստոս 1897ի վաղ առաւօտեան անոր տունը պաշարուեցաւ թուրք ոստիկանութեան կողմէ։ Զաւէն մատնուած էր եւ գիտէր, որ հնչած էր օրհասական ժամը։ Բացառուած էր անձնատուութիւնը։ Ոստիկաններու անձնատուութեան պահանջին պատասխանեց կրակոցով։ Մինչեւ վերջին փամփուշտը կռուեցաւ։ Բայց առանձին՝ երկար չէր կրնար խուսափիլ ճակատագրէն։ Վերջին փամփուշտը ուղղեց իր ճակտին եւ, ազատութիւն գոռալով, ընտրեց յեղափոխականի արժանապատիւ վախճանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.