2011-08-27 14:06:12

Պէյրութի Մեսրոպեան Վարժարանի ՜՜Ովասիսի՝՝ Եզրափաակիչ Հանդգսը Ներկայութեամբ 2500 Հայորդիներու։


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, ուրբաթ, 26 օգոստոսին ( 2011), Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի 13-րդ եզրափակիչ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ աւելի քան 2500 հայորդիներու:
Հանդիսութիւնը սկսաւ բացման պարով, որոնցմէ ետք խօսք առաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի մէջ աշակերտները երգերու, պարերու, պտոյտներու, խաղերու եւ այլ դաստիարակչական միջոցներու ընդմէջէն կ՛անցընեն հաճելի եւ օգտաշատ պահեր: Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ծնողներուն, որոնց միացեալ գործակցութեամբ կ՛իրականանայ այս նախաձեռնութիւնը:
Ապա տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր վարժարաններէ համախմբուած «ովասիս»ական աշակերտները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Անոնք երգեցին «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» եւ «Ձեռք տուր ընկեր եմ» երգերը, ինչպէս նաեւ պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական բազմաթիւ պարեր, որոնք ներկաներուն մօտ յառաջացուցին մեծ խանդավառութիւն: Յայտագիրին ծիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ քոնկ ֆուի ցուցադրութիւն:
Նշենք, որ «Ովասիս»ի իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական պատմական գրաւեալ հողերու անունները, մինչ դաշտին մէջ տեղադրուած էին Այբուբենը, Արարատը, եկեղեցին, Սարդարապատը, Արցախը եւ խաչքարը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած պատկերներ:
Յայտագիրի աւարտին աշակերտները իւրայատուկ կերպով կազմեցին «Ովասիս» բառը, որուն յաջորդեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին խօսքը: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի խումբերուն կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն տարազները Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակին առիթով պատգամող խորհուրդներ կը փոխանցեն: Տնօրէնը աւելցուց, որ ամառնային ծրագիրին նպատակն է կրթել եւ դաստիարակել մանուկներն ու պատանիները, եւ այս հանդիսութիւնը ցուցանիշ է հաստատելու, որ «Ովասիս» իր նպատակին կը ծառայէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.