2011-08-27 13:58:17

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Ցաւակցական Հեռագիրը Ապուժայի Մէջ ՄԱԿի Կեդրոնի Դէմ Գործադրուած Ահաբեկչական Արարքի Զոհերուն Ի Լուր։


Ապուժա (Նիճերիա) - ՄԱԿի կեդրոնին մէջ մահմետական քամիքազ մը ինքնաշարժով խուժեց Ապուժայի ՄԱԿի կեդրոնը, եւ պատճառ դարձաւ աւելի քան 18 հոգիի մահուան, այս արարքէն նաեւ բազմաթիւ անձեր վիրաւորուած են։ Պաքօ Հարան՝ մահմետական ահաբեկիչ խումբը, հեռաձայնով որդեգրած է այս վատ մահափորձը։ Ի լուր այս քստմնելի արարքին Կարտինալ Պերթոնէ ` Վատիկանի պետական քարտուղարը, յանուն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Նիճերիոյ հանրապետութեան նախագահ՝ Կուտլուք Ճոնադանին եւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, խստիւ դատապարտելով՝ արարքը եւ իր աղօթքը բարձրացնելով՝ Ամենակալին որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը եւ մխիթարէ անոնց ընտանեկան պարագաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.