2011-08-26 14:17:32

''Փրօֆ. Ռացինկերի Սաներու'' Հանդիպումին Կը Շօշափուի ՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ Նիւթը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Գասթէլ Կանտոլֆոյի Պապական ամարանոցին մէջ, կ՝ունենայ իր աւանդական հանդիպումը իր նախկին սաներուն հետ (Փրօֆ. Ռացինկերի սաներուն հետ) , սոյն հանդիպումին՝ որ այս տարի ունի որպէս խորհրդածութեան նիւթ` ՜՜նոր աւետարանութիւնը՝՝ պիտի շօշափուի աստուածաբանութեան դերը աւետարանութիւնը քարոզելու գործին մէջ։ Ըստ հայր Ստեփան Հորնի` պատասխանատուն այս հանդիպումին Սրբազան Հայրը կը նախընտրէ ուսումնասիրել ու գտնել ՜՜ հաւատքը հաղորդելու յարմար մեթոտները, նաեւ նոր լեզուական ձեւով, քան թէ զանգուածային ու քիչ ժամանակի մէջ ու մեծ խանդավառութեամբ դարձի գալու կերպը, որը նաեւ շուտով կը մարի... Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կըբերեն նաեւ երկու մասնագէտներ ՝ մին գերմանացի աստուածաբան տիկ. Հաննա Պարպարա Կէրլ ֆալգովիչ, որ Պենետիկտոս ԺԶ ը կը ճանչնայ 1976-էն ի վեր եւ անդամ է Էմմանուէլ միաբանութեան. իսկ միւսը՝ Օթթօ Նէոպաուէր՝ տնօրէնը Վիէննայի ՜՜Աւետարանութեան՝՝ հաստատութեան։
Աւելցնենք որ 1977-էն ի վեր ամէն ամառ , տեղի կ՝ունենայ ''Փրօֆ. Ռացինկերի Սաներու'' հանդիպումը։
Յիշեցնենք նաեւ՝ թէ Սրբազան Հայրը յառաջիկայ Սեպտեմբեր 11-ին պիտի այցելէ Իտալիոյ Մարքէ մարզի Անգոնա քաղաքը, եզրափակելու համար Իտալիոյ Ազգային Սուրբ Հաղորդութեան 25-րդ Գիտաժողովը, որ սկիզբ պիտի առնէ 3 Սեպտեմբերին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.