2011-08-26 14:26:32

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի Առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։


Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ 1931 - 2011, ամէն շաբաթ մեր ունկնդիրներուն կը ներակայացնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի 44 լեզուներով սփռուող յատագիրներէն մէկը։ Այսօր կը խօսինք Պուլկարական յատագրի մասին։
2009 նոյեմբեր 21ին Պուլկարական յայտագիրը ամբողջացուց իր Ռատիովատիկանի ընտանիքի անդամակցութեան 60 ամեակը։ Բռնատիրական վարչաձեւի եկեղեցւոյ դէմ մղուած տարիներուն ընթացքին Պուլկարական յատագիրը հակառակ ամէն դժուարութիւններուն ու խոչընդոտներուն շարունակեց սփռել ազատութեան ու փրկչագործութեան պատգամը։
Իսկ վերջին 20 տարիներու ընթացքին այս յայտագիրը ջանաց իր գործունէութիւնը կեդրոնացնել , պուլկարական եկեղեցւոյ հաւատքի ամրապնդման ու հաւատացեալներու դէպի քաղաքակրթութեան ի նպաստ կողմնորոշման։
19 վայրկեան տեւողութեամբ ամէնօրեայ յայտագիրը կը պատրաստուի 3 խմբագիրներու եւ այլ պուլկարացի գործակիցներու համագործակցութեամբ։ Նշենք որ Վատիկանի ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի պուլկարական յայտագրին տնօրէնութեան ընթացքին, հաղորդաժամը ունեցած է նոր սլացք ու Պուլկարիոյ մէջ արձանագրած է նոր յաջողութիւններ մանաւանդ որովհետեւ յայտագիրը ջանացած է իր սփռումները կեդրոնականացնել կարեւոր նիւթերու շուրջ ինչպէս Մարդու արժանապատութիւնը եւ խաղաղութեան հաստատում երկրին մէջ ։
Ռատիովատիկանի 105 ուղղակի եթեր յայտագրի միջոցաւ Պուլկարական հաղորդաժամը կարելիութիւնը ունեցաւ աւելի մօտէն ճանչցնելու պուլկարիոյ եկեղեցւոյ կացութիւնն ու իրողութիւնը մանաւանդ 2002ին՝ երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան քահանայապետի Պուլկարիա կատարելիք ճամբորդութեան պատրաստողական շրջանին ու 2005-ին երկրին եւրոմիութեան անդամակցութեան առթիւ։
Այսօրուայ իրողութեամբ պուլկարական յատագրի նպատակակէտերէն մին այն է՝ կերտել պուլկարական միջավայրի մէջ մարդկային հասարակութիւնը որ յետ համայնավարութեան շրջանի դժուար կացութեան մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի։ Այս ուղղութեամբ Ռատիովատիկանի Պուլկարական բաժնի կայքէջը կարեւոր արրդիական միջոց մը կը հանդիսանայ նա մանաւանդ որ Պուլկարիոյ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ երեք Թեմերուն մէջ , պակասը կայ համացանցային լրատուամիջոցային սպասարկութեան։
Պուլկարական յայտագրի հաղորդումները, Մեթոտիոս եւ Չիրիլ սուրբերու հովանիին տակ կ՛աշխատի միացած ու քրիստոնեայ Եւրոպայի հաւատքի նորոգման ի սպաս։








All the contents on this site are copyrighted ©.