2011-08-26 14:33:55

Համասփիւռքեան Կրթական Գ. Համագումարը՝ Պիքֆայայի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Օգոստոս 18ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ համասփիւռքեան կրթական Գ. համագումարին՝ նուիրուած «Արեւմտահայերէնի կացութիւնը այսօր՝ մարտահրաւէրներ եւ առաջադրանքներ» նիւթին: Համագումարի կազմակերպական բոլոր աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէր նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը՝ գլխաւորութեամբ բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի: Իր եռօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, 20 օգոստոսին, հիմնուելով 10 նիստերու ընթացքին ներկայացուած 30 զեկուցումներուն, կատարուած քննարկումներուն եւ առաջարկներուն վրայ, յանգեցաւ եզրակացութեանց.
Հայախօսութեան նահանջին առաջքը առնելու եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանումն ու զարգացումը ապահովելու համար`անհրաժեշտ է Հայերէնի ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան ընդհանուր քաղաքականութեան եւ ծրագիրի մը ճշդումի անհրաժեշտութիւնը։
Արդէն օտարացած եւ օտարացման վտանգին ենթակայ նորահաս սերունդներու հայախօսութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը մշակելու համար, պատրաստել գիտակից հայը կերտող հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, կրօնի եւ յարակից նիւթերու տպագիր եւ ելեկտրոնային դասագիրքեր, ու զանոնք դասաւանդող ուսուցիչները: Գործը վստահիլ սփիւռքահայ մասնագէտներէ կազմուած խմբագրական կազմերու:
Արդի արհեստագիտութիւնը` համակարգիչ, համացանց, խտասալիկ եւ յարակից բոլոր միջոցները օգտագործել Հայեցի ոգի փոխանցելու եւ հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցման ի սպաս։ Ու դաստիարակներուն, իրենց առաքելութեան համար,տալ համապատասխան արժեւորում եւ գնահատում։
Հայ ծնողները, եկեղեցին, ու դպրոցը մեծ դեր ունին հայեցի դաստիարակութիւն տալու գործին մէջ։ Նաեւ հայ մամուլը որ պէտք է ներկայանայ ` անթերի եւ գեղեցիկ արեւմտահայերէնով , մեր ժողովուրդին սիրելի դարձնելու, զայն ինքնարտայայտութեան առօրեայ միջոցի վերածելու եւ զարգացման հունով յառաջ մղելու համար։ Համագումարի ընթացքին արծարծուած հարցերը, մտահոգութիւնները եւ որոշումները պէտք է տանիլ ժողովուրդին եւ կրթական-մշակութային պատասխանատու մարմիններուն, որպէսզի իրենք նաեւ մասնակից դառնան քննարկումներուն եւ հարցերու լուծման գծով բերեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը:
Մեկնելով վերոնշեալ կէտերէն` համագումարը որոշեց կոչ ուղղել սփիւռքահայ մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն, որպէսզի նահանջ եւ ընկրկում չթոյլատրեն արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման ճակատին վրայ: Նաեւ` կոչ ուղղել հայրենի մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան պատասխանատուներուն, յատկապէս հեռատեսիլի կայաններու ղեկավարներուն, որպէսզի դէպի սփիւռք հեռասփռուող իրենց հաղորդումներուն եւ հրապարակումներուն մէջ, նախանձախնդիր ըլլան հայերէնի անաղարտ պահպանման` օտարաբանութեանց եւ աղճատումներուն առաջքը առնելով, հայացման ճիգին հիմնական եւ առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայելով:
Այս բոլոր ուղղութիւններով ծրագրուած գործնական եւ հետեւողական նպատակասլաց աշխատանք տանելու մարտահրաւէրներուն առջեւ կանգնած է սփիւռքը: Արդէն իսկ կատարուող աշխատանքներուն կամ առկայ կառոյցներուն յաւելեալ աշխուժութիւն տալու հրամայականը շեշտուած է: Նոյնպէս շեշտուած է սուր պահանջը հայերէնագէտ որակաւոր մարդուժի պատրաստութեան եւ արեւմտահայերէնի անաղարտ պահպանման զէնքերու արդիականացման: Շեշտուած է մա՛նաւանդ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան պայքարի ամբողջ ճակատը հեղինակաւոր խորհուրդի մը պատասխանատուութեան յանձնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Առ այդ, ժողովականները առաջարկեցին Արամ Ա. վեհափառին, որ իր նախաձեռնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ, գործակցաբար հաւաքական կեանքը ղեկավարող կրթական եւ մշակութային համասփիւռքեան ուժերուն, կեանքի կոչէ արեւմտահայ հայագէտներէ, վաստակաշատ մանկավարժներէ եւ մտաւորական հեղինակութիւններէ կազմուած մարմին մը` ՜՜Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Համասփիւռքեան Խորհուրդը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.