2011-08-25 13:33:41

Ուժգին Երկրաշարժը Ցնցեց Արեւելեան Միացեալ Նահանգները


Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը ցնցեց 5.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: Հազուադէպ այս երկրաշարժը պատմութեան ընթացքին շրջանին մէջ արձանագրուած հզօրագոյն երկրաշարժն էր:
Երկրաշարժին պատճառով մինչեւ իսկ ամերիկեան քաղաքական իշխանութեան առանցքը եղող Սպիտակ տունը ցնցուեցաւ:
Մինչ այդ` «Իրեն» փոթորիկը կ՛ուղղուի դէպի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ եւ արդէն թափ ստանալով հասած է ուժգնութեամբ երրորդ աստիճանին: Հիւսիսային Քարոլայնայի բնակիչներէն ոմանք կամովին կը հեռանան ծովեզերեայ շրջաններէն, իսկ ուրիշներ սննդամթերք կ՛ամբարեն:
Փոթորիկը արդէն Քարայիպեան շրջանին մէջ ողողումներ յառաջացուցած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.