Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Փառատօն Ֆրեզնոյի Մէջ
ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ եւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 3-4ին, Մուսա լերան հերոսամարտի 96ամեակին նուիրուած
աւանդական փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ, կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Մուսա
Լեռ» միութեան: Փառատօնը, որուն կը մասնակցին սովորաբար 800է աւելի հայորդիներ, տեղի
պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի ոստիկանութեան մարզումներու կեդրոնին մէջ՝ 7633 N. Weber Ave.,
Fresno, 93722: Փառատօնը պիտի սկսի Շաբաթ երեկոյեան ժամը 7ին՝ դաշտահանդէսով մը, որուն
ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդական հերիսայի պատրաստութիւնը՝ տաուլ-զուռնայի
ընկերակցութեամբ: Ներկաները պիտի խանդավառէ մուսալեռցի երգիչ Շահէ Սըգայեանը: Մուտքի
սակը 5 տոլար է: Կիրակի, ժամը 10:30ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ մատաղօրհնէք պիտի
կատարէ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան: Օրուան հիւր պատգամաբերն է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական
վարժարանի նախկին տնօրէն պատ. Յովհաննէս Սարմազեան՝ Գանատայէն: Յաւելեալ տեղեկութեանց,
մատաղի նուիրատուութեանց եւ հոգեհանգիստի խնդրանքներուն համար, դիմել (559) 271-7082
կամ (559) 437-0228 թիւերուն, մինչեւ Օգոստոս 31: Փառատօնի վայրին մօտ գտնուող «Holiday
Inn» պանդոկէն սենեակ ապահովելու համար, դիմել (559) 227-0004 թիւին: