2011-08-25 13:31:09

Կրօնաբարոյական Հարցեր


Սուրբ Երրորդութիւն – Փիլիսոփաներու կարծիքը - Աւետարանը
Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Աստուծոյ գործունէութիւնը. Ահա այս հարցը լուծելու համար, զանազան փիլիսոփայութիւններ մէջտեղ հանեցին տեսակ տեսակ վարկածներ, անշուշտ առանց տեղեակ ըլլալու Աստուծոյ յայտնութենէն։
Ոմանք յաւիտենական Աստուծոյ դիմաց դրին յաւիտենական աշխարհ մը, որ լրումն է եւ նպատակը իր գործունէութեան։
Ուրիշներ գտան իրեն հակառակորդ մը, չարի աստուածը, որուն դէմ ան յարատեւօրէն հարկ է որ պայքարի։
Իսկ կարգ մը փիլիսոփաներ սկսան բաժնել մէկ Աստուածը զանազան փոքր աստուածներու, ըստ աստուածային յատկութիւններուն. Այսպէսով Աստուծոյ մէջ կը մտնէր թիւը եւ շարժումը։
Ի վերջոյ ուրիշներ ալ հարցը լուծեցին Աստուածը նոյնացնելով աշխարհին հետ. Ամէն ինչ Աստուած է, ամէն ինչ մաս կը կազմէ աստուածային բնութեան։
Յիսուս եկաւ մեզի յայտնելու Աստուծոյ գայտնիքը, կամ աւելի ճիշտ` Աստուծոյ խորհուրդը։ Այո՛, ան մէկ է սակայն առանձին չէ։ Աստուած մըն է որուն մէջ կը դառնայ հոսանք մը կեանքի, այնքան սաստիկ որ նոյն աստուածային բնութիւնը, մէկ եւ անբաժանելի, կը ծաղկի երեք տարբեր անձերու մէջ։ Աստուած մը, որ նախ քան իր սէրը ազատօրէն հոսեցնելու ստեղծագործութեան մէջ, կը գտնէ ինք իր մէջ, երեք անձերու փոխադարձ յարաբերութիւններուն ընդմէջէն, յաւիտենական գործունէութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաւիտենական սիրոյ արտայայտութիւն մը։
Քրիստոս` իր Հօր մասին խօսելով, ըսաւ. Միայն Հայրը կը ճանչնայ Որդին եւ Որդին` կը ճանչնայ Հայրը։ (Մտթ. ԺԱ. 27)։ Ըսաւ նաեւ. Ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ահա ձեզ կը ղրկեմ… Ինչպէս Հայրը զիս սիրեց, ես ալ ձեզ կը սիրեմ…Ինչ որ սորվեցայ Հօրմէս, ձեզի ծանօթացուցի… Ինչպէս Հայրը կեանք ունի իր մէջ, նոյնպէս ալ տուաւ Որդիին, որ կեանք ունենայ ինք իր մէջ… (Յովհ. Ե.)։
Քրիստոս մեզի խօսեցաւ նաեւ Սուրբ Հոգիին մասին. Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը պիտի ղրկէ ձեզի իմ անունովս, ձեզի պիտի յիշեցնէ այն ամէն բաները զոր ըսի ձեզի. (Յովհ. ԺԴ. 26)։ Երբ գայ Մխիթարիչը, Հոգին որ կը բխի Հօրմէն, եւ զոր Հօրս քովէն ձեզի պիտի ղրկեմ, իմ մասիս պիտի վկայէ ձեզի… (Յովհ. ԺԵ. 26)։ Ահա ձեր վրայ կը զեղում այն որ խոստացայ Հօրս կողմէ (Ղուկ. ԻԴ. 49)։
Եւ երբ աշակերտները հանդիսաւորապէս կ՛ուղարկէ աշխարհի մէջ, որպէսզի աւետարանեն իր պատգամը, կու տայ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերու անունները, ըսելով. Գացէք աւետարանեցէք բոլոր ազգերը, մկրտեցէք զանոնք Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ (Մտթ. ԻԸ. 19)։
Այսպէս ուրեմն Քրիստոս եկաւ աշխարհ մեզի յայտնելու Աստուծոյ ներքին եւ մտերիմ կեանքի խորհուրդը։ Սակայն մարդը չի բաւարարուիր միայն խորհուրդին հաւատալով, այլ կ՛ուզէ ներթափանցել Ամենասուրբ Երրորդութեան անթափանցելի իրականութեան խորքը։ Տրուած զանազան բացատրութիւնները, զուտ մարդկային իմացականութեան արդիւնք ըլլալով` կարող չեն բացարձակ պատասխաններ տալու, այլ կրնան ըլլալ միայն վարկածներ։ Ուստի Աստուածաբանները, մեկնելով մարդկային ըմբռնումէն, կու տան զանազան լուծումներ, որոշ չափով հասկնալի դարձնելու համար աստուածային խորհուրդը` մարդկութեան։ Մեր յաջորդ զեկուցումին մէջ, պիտի ուսումնասիրենք աստուածաբաններու տուած բացատրութիւնները Ամենասուրբ Երրորդութեան խորհուրդին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.