2011-08-25 13:30:52

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Օրհնութեան Խօսքը Հ.Կ.Մ.ի Զալքայի Պատանիներու Բանակումին Մասնակցողներուն. Զմմառ -Լիբանան։


Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը օրհնութեան խօսք մը ուղղեց Հ.Կ.Մ. Զալքայի Պատանիներու բանակումի մասնակիցներուն, Զմմառ, 20 օգոստոս 2011-ին։
Ան այն նամակով ողջունեց եւ իր հրճուանքը յայտնեց տեսնելով Ազգի ու Եկեղեցւոյ զաւակները համախմբուած՝ Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր հովանիին ներքեւ, մերօրեայ ժամանակներուն յատուկ նիւթապաշտ, այլասերող, բարոյազրկող երեւոյթներէն հեռու։
Նամակին մէջ կ՛ըսէ. «դո՛ւք ապագային պիտի դառնաք բարձր արժանիքներով օժտուած անձնաւորութիւններ, հաւատացեալ քրիստոնեաներ, ճշմարիտ հայորդիներ եւ տիպար քաղաքացիներ»։
Ան յայտնեց նաեւ հայ լեզուին կարեւորութիւնը, իբրեւ հայ ինքնութեան կնիքն ու դիմագիծը, աւելցնելով որ սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը հայերէն լեզուն ստեղծեց, որպէսզի մեր մայրենի լեզուով հաղորդակցինք Աստուծոյ հետ, որպէսզի ՀԱՅՐ ՄԵՐԸ հայերէնով հնչէք մեր շրթունքներով։
Ան եզրափակեց իր խօսքը յիշեցնելով, որ Հ.Կ.Մ.ը դարբոցն է այն սերունդներուն, որոնք պիտի դառնան պարծանքը հայ ժողովուրդին եւ Լիբանանին։ «Այս գիտակցութեամբ - կ՛ըսէ Հոգեւոր տէրը- գործած են ու կը շարունակեն գործել Հ.Կ.Մ.ի իրերայաջորդ հրամանատարները, խմբապետները եւ պատասխանատուները, ձեր Միութեան հոգեւոր վարիչին՝ գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին անխոնջ առաջնորդութեամբ։ Այս գիտակցութեամբ է որ ձեր ծնողները ձեր դաստիարակութիւնը կը վստահին Հայ Կաթողիկէ Միութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.