2011-08-24 15:37:58

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը.


Առաքելական Ճամբորդութեան Մը Տպաւորութիւնները։
Չորեքշաբթի 24 օգոստոս 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հարիրաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ։
Խօսքը ուղղելով զանազան երկիրներէն եկած ուխտաւորներուն, Սրբազան Քահանայապետը մասնաւորապէս անդրադարձաւ Մատրիտի համաշխարհային 26րդ օրուան տպաւորութիւններուն, որ վերջ գտաւ Կիրակի օրը ....
Սրբազան Քահանայապետին գնահատումով՝ ՜՜ Անիկա եղաւ հաւատքի տօնախմբութիւն մը, որուն մասնակցողներուն տրուեցաւ պարտականութիւնը՝ Քրիստոսի պատգամը ճանչցնելու համայն աշխարհին։
Երիտասարդութեան համաշխարհային 26 օրերուն մասնակցեցան Սպանիայէն ու համայն աշխարհէն եկած բիւրաւոր երիտասարներ, այդ օրերը , ըսաւ Սրբազան Հայրը, դրոշմուած պիտի մնան յիշողութեանս ու սրտիս մէջ։
Երիտասարդները իրենք զիրենք զգացին իրենց տունը, լաւ ընդունուեցան ու հիւրասիրուեցան, շնորհիւ կազմակերպիչներու ու կամաւորներու նուիրումին։Սպանիան մեծ ազգ մըն է խորապէս հոգեւոր ու կաթողիկէ։
Ապա նորին սրբութիւնը խօսքը ուղղելով երիտասարներուն ըսաւ . սիրելիներ ձեզմէ կը խնդրեմ խօսիլ ու ծաւալել աշխարհին մէջ ձեր ապրած հաւատքին ուրախ փորձառութիւնը, հաղորդեցէք ձեր այս փորձառութիւնը բոլոր անոնց, որոնք չկարողացան գալ զանազան պատճառներով։ Ձեր բարի օրինակով օգնեցէք ձեր բարեկամներն եւ ընկերները ճանչնալու Քրիստոսի սէրը, որպէսզի իրենց կարգին ըմբռնեն կեանքի լիութիւնը։
Երախտապարտ սրտով կը հեռանամ Սպանիայէն, յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով Մատրիտէն, մասնաւորապէս երախտապարտ եմ Ամենակալին` Տիրոջ, որ թոյլ տուաւ ապրիլ շնորհքի այս օրերը։ Այո, հաւատքի տօնը որ ապրեցանք կը ներշնչէ մեզի յոյսը աւելի կառչելու Նախախնամութեան, որ Եկեղեցին կը ղեկավարէ։Երիտասարդները, յարեց Սրբազան հայրը, աւելի նուիրումով կը գործեն երբ անկեղծութեամբ ու ճշմարտութեամբ անոնց կ'առարջարկուի հանդիպումը Քրիստոսի հետ` աշխարհի միակ Փրկիչը։ Անոնք այսօր տուն կը վերադառնան որպէս առաքեալները Աւետարանին։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ջերմ խօսք մը ուղղեց սպանացիներուն եւ մասնաւորապէս նորապսակեալներուն, ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց, որ այլազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Կ'աղօթեմ երիտասարդներուն համար որուն պիտի վստահուի ապագան։ Անոնք` Քրիստոսի հաւատքով տոգորուած, լաւագոյնը պիտի տան երկրին բարգաւաճումին ու բարրօրութեան համար։
Իսկ այժմ ձեզի լսելի կ'ընենք Սրբազան քահանայապետին տուած առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.