2011-08-24 15:42:57

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Վերանորոգուած Մկրտարանի Օծում։


Լիբանան- կիրակի, 21 օգոստոս 2011-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. պատարագին կատարուեցաւ եկեղեցւոյ վերանորոգուած մկրտութեան նոր աւազանի օծումը:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ Յիսուս հաստատեց մկրտութեան խորհուրդը եւ օրինակը տուաւ իր իսկ մկրտութեամբ` աւելցնելով, որ մկրտութիւնը կը նշանակէ վերստին ծնիլ ջուրէն եւ հոգիէն: «Ջուրը կը մաքրէ, իսկ հոգին կ՛ամրապնդէ», բացատրեց սրբազանը` աւելցնելով, որ քրիստոնէական եկեղեցին կը հրաւիրէ մարդը վերածնելու ջուրով` իբրեւ խորհրդանիշ նոր ծնունդի: «Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր զաւակ կը ծնի եկեղեցւոյ աւազանէն, եւ ինչպէս որ ծնունդը մէկ անգամ կ՛ըլլայ, հոգեւոր ծնունդն ալ մէկ անգամ կ՛ըլլայ», հաստատեց Գեղամ արք. Խաչերեան` հաստատելով, որ հայ եկեղեցւոյ աւազանը քրիստոնէական եկեղեցիներու այն աւազանն է, ուրկէ կը ծնին հայ եկեղեցւոյ զաւակները:
«Հայ եկեղեցւոյ աւազանը հայ ժողովուրդին եւ մեր պապերուն հաւատքին ու նկարագիրին վկայարանն ու խորհրդանիշն է», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անիկա քարեղէն աւազան մը չէ, այլ հոգեւոր ծնունդի վայրն է: Ան նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցւոյ մկրտարանները հարազատ արտայայտութիւնը կ՛ըլլան մեր ժողովուրդի հոգիին եւ մտքին, եթէ մենք այդ հաւատքը պահենք: «Եթէ մենք «Հայ մանուկի տարի»ն կ՛ուզենք արժեւորել, պէտք չէ անտեսենք հայ եկեղեցւոյ աւազանը, ուր նաեւ հայկական հոգեւոր դաստիարակութիւն կայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ ընդգծեց, որ երբ հայ եկեղեցին մկրտութիւն կը կատարէ եւ կը դրոշմէ Ս. միւռոնով, հայկականութեան կնիքը կը դրոշմէ Ս. հոգիին դրոշմին հետ: Ան մաղթեց, որ տէր ըլլանք մեր հայրերուն այն հաւատքին զոր անոնք իրենց կեանքով, մարտիրոսութեամբ, նահատակութեամբ եւ ամբողջական նուիրումով պահպանեցին:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը գինիով, ջուրով եւ միւռոնով օծեց վերանորոգուած մկրտութեան աւազանը:
Ապա սրբազանը` առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն նոր մկրտարանի բարերարներ Սարգիս եւ Ոսկի Կերեքմեզեան ամոլին, անոնց յանձնեց իր «Օրհնութեան գիր»ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.