2011-08-24 15:38:59

Հայաստան Նշեց Անկախութեան Հռչակագիրին Ընդունման 21-ամեակը։


21 տարի առաջ` 23 օգոստոս 1990-ին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը ընդունեց Անկախութեան հռչակագիրը, որով յայտարարուեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման հոլովոյթին սկիզբը:
«Մենք այդ օրուան սպասած ենք (չհաշուած քսանական թուականներու երկու տարիները) հարիւրամեակներ: Եւ վերջապէս այդ գաղափարը կեանքի կոչուեցաւ, բայց կեանքի կոչուեցաւ միայն տեսականօրէն, որովհետեւ անկախութիւնը բան մըն է, որուն ժողովուրդը ինք պէտք է գիտակցի եւ կարենայ անոր հասնիլ իր ամէնօրեայ աշխատանքով եւ պահուածքով», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին կարծիք յայտնեց անուանի դերասան Երուանդ Մանարեան:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու







All the contents on this site are copyrighted ©.