2011-08-24 15:43:59

Համաշխարհային Դրամատունը 55 Միլիոն Տոլարով Կ՛աւելցնէ Հայաստանի Ֆինանսաւորումը


ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Համաշխարհային դրամատան տարածաշրջանային տնօրէն Ասատ Ալամ, նամակով մը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկացուցած է, թէ 55 միլիոն տոլարով աւելցած է Հայաստանի ֆինանսաւորման հնարաւորութիւնը:
Իր այս որոշումը դրամատունը հիմնած է վարկային թղթակալութեան որակի, ինչպէս նաեւ կառավարման բարձր մակարդակի գնահատականներուն վրայ:
Հայաստանի պիւտճէին կատարողականը Համաշխարհային դրամատան կողմէ գնահատուած է բարձր, եւ հնարաւորութիւն ստեղծած է միջոցներու աւելացման համար:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հինգշաբթի, 18 Օգոստոսին, կառավարութեան նիստին ընթացքին ըսած է, որ ընթացիկ վերահսկողութեամբ բացայայտուած թերութիւնները պէտք չէ ստուերի տակ ձգեն դրամատան հետ համագործակցութեան մակարդակը, այլ պէտք է աւելի բարձրացնեն արդիւնաւէտութիւնը:
2012 Յուլիսին, ՀՀ կառավարութեան տրամադրութեան տակ պիտի ըլլայ 122 միլիոն տոլար. վարչապետը ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է մինչ այդ աւարտել նախապատրաստութիւնները՝ սկսելու համար գործնական աշխատանքին: Խօսքը կը վերաբերի ջուրի, ոռոգման համակարգի, ճանապարհաշինութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, գիւղատնտեսութեան եւ հարկային ու մաքսային ոլորտներու ծրագիրներուն:










All the contents on this site are copyrighted ©.