2011-08-24 15:38:42

Գրական Էջ-


Արամ Ա Կաթողիկոսի ՜՜Եկեղեցին Տանիլ Ժողովուրդին ՝՝ Հատորը։
Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրատարակած նոր գիրքը՝ անգլերէնով կը կրէ՝ ( Taking the Church to the People) ՜՜ Եկեղեցին Տանիլ Ժողովուրդին ՝՝ խորագիրը։ Արդարեւ, շուրջ 225 էջերու վրայ տարածուած այս հրատարակութեան նախաձեռնած է Վեհափառը նկատի ունենալով յառաջիկայ Հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմին եւ ապա յաջորդող տարի Արեւելեան Թեմին տալիք իր հովուապետական այցելութիւնները:
Յիշեալ գիրքին առաջին բաժնին մէջ քննարկուած են մեր եկեղեցւոյ ներքին դրուածքին, ծուխ–առաջնորդարան յարաբերութեան, ծխային եկեղեցիներու կեանքին ու առաքելութեան, եկեղեցի–ժողովուրդ փոխ–յարաբերութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէ ընտանիքի, կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան, հայ լեզուի, հայ դպրոցի, կնոջ դերակատարութեան, երիտասարդութեան կարեւորութեան առնչուած խնդիրներ ու մտահոգութիւններ: Իսկ երրորդ բաժինը կը բաղկանայ երիտասարդութեան ուղղուած մտածումներէ:
Ինչպէս գիրքի ներածական բաժնին մէջ Վեհափառը կ’ըսէ՝ ՜՜ՙԱնհրաժեշտ է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին, որովհետեւ եկեղեցին ժողովուրդն իսկ է, մանաւանդ հայ եկեղեցին, իր ազգային նկարագիրով ու իր հաւատքի առաքելութեան առնթեր իր ազգային ծառայութեամբ՚: Վեհափառ Հայրապետին համաձայն ՙեկեղեցւոյ դիմագրաւած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները նաե՜ւ կը պատկանին ժողովուրդին, եւ փոխադարձաբար՝՝: Յիշեալ գիրքին մէջ մեր եկեղեցին ու ազգը դիմագրաւող լուրջ հարցերու գծով իր յստակ դիրքորորշումը պարզելու կողքին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու այդ հարցերու քննարկման, նկատի ունենալով Սփիւռքի ու յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի մեր ժողովուրդի կեանքի պայմանները:









All the contents on this site are copyrighted ©.